Էրիք Պօղոսեանի «Նմեսիս Գործողութիւն» Գիրքի Շնորհանդէսը

ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբի «Ոտքի´ Դատարանն է …» ներկայացումէն անմիջապէս ետք, Ապրիլ 22-ին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող, դերասան, թատերագիր Էրիք Պօղոսեանի վերջերս լոյս ընծայած «Նեմեսիս Գործողութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը, Նիւ Եորքի ՀԲԸՄի գրասենեակին սրահին մէջ։  Շատ աւելի թիւով գրասէրներու համար, դժբախտաբար, առիթ չտրուեցաւ ներկայ գտնուելու, այդ փոքրիկ սրահին պատճառով։  Հանդէսը կազմակերպած էին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը,  Նիւ Եորքի Համազգայինը, Առաջնորդարանի Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ Տեղեկատուութեան Կեդրոնը։

Բացման խօսքը կատարեց Բարեգործականի պաշտօնեաներէն Շարիս Պօղոսեան եւ անմիջապէս հրաւիրեց հեղինակը։  Ան որ նոյն ատեն ծանօթ դերասան է, համեմուած կերպով ներկայացուց իր գիրքը։  Շահան Նաթալիի նախաձեռնութեամբ, Ցեղասպանութենէն ետք, ափ մը հայրենասէր վրիժառու տղաք ձեռնարկեցին Իթթիհատական այդ բորենիներու վախճանը։  Հակառակ որ Պոլսոյ մէջ զինուորական ատեանը զանոնք դատապարտած էր որպէս մարդասպաններ, սակայն անոնք փախուստ տուած ու ապաստանած էին զանազան երկիրներ. անոնց կարգին էր Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ որպէս թուրք վաճառական մը ծածուկ պաստան գտած էր Պերլին, մայրաքաղաքը իր երբեմնի դաշնակիցին` գերմանացի Վիլհելմ կայսեր։

Այս գործողութիւնը, թէեւ հայերէն լեզուով անգամ, պէ´տք եղած մանրամասնութիւններով ու հարազատութեամբ չէ տրուած ամբողջութեամբ նման քաղաքական ազգային հարցերով հետաքրքրուող հայախօս ընթերցողներուն, սակայն Էրիք Պօղոսեան 375 էջերու մէջ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է։  Գիրքը հրատարակութիւնն է Նիւ Եորքի Little, Brown and Company հրատարակչատան։  Հեղինակը այս իր երկասիրութիւնը կը նուիրէ իր մեծ ծնողաց` Ռոզին, Լիւսիին, Գարեգինին եւ Մկրտիչին, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրած հասած են Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած Պոստոն, ուր կը բնակի հեղինակը։

Պօղոսեան կրցած է նաեւ քաղաքական ժամանակաշրջանը նկարագրել ամփոփ գիծերու մէջ, ընթերցողին տալու դիւրութիւններ հասկնալու այդ բարդ իրավիճակը։  Այնուհետեւ ծանրացած է Թեհլիրեանի դատավարութեան վրայ Թալաաթի սպանութեան խնդրով։  Կայ նաեւ հատուածներ Միսաք Թորլաքեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ այլոց մասին։

Տուած է աղբիւրներու բաժին մը. այս նիւթերով հետաքրքրուող այլ պատմաբաններուն համար պիտի ծայայէ որպէս կարեւոր սկզբնաղբիւր։

Էրիք Պօղոսեան քանիցս կը խոստովանի թէ Արամ Արքուն ունեցած է մեծ ներդրում այս գրքին խմբագրական աշխատանքին հետ կապուած։

Ներկայ էր նաեւ ՀՀ ՄԱԿի մօտ մշտական ներկայացչութեան դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ իր խօսքով կը կատարէ կարգ մը նկատողութիւններ եւ ճշդումներ կապուած հեղինակին խօսքերուն, որոնք աղերս ունէին Հայաստանի ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքին զարգացման հետ։  Հարցեր, որոնք կապ չունէին երբե´ք այս հրատարակութեան հետ։

Ներկաները առիթ կ’ունենան հարցումներ ուղղելու։  Այնուհետեւ Պօղոսեան կը մակագրէ իր գիրքերը։

Յակոբ Վարդիվառեան

Scroll Up