Նամակ Լոնդոնից. Խոսք երախտագիտության

Ինչպէս տեղեկացուցած  էինք մեր պարբերականի ընթերցողներուն, ս.թ. յունիս ամսուն Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ բրիտանահայ գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, Լոնտոնի «Նոր սերունդի ձայն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Մանուէլ Ադամեանի գրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն որուն ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Տիկ. Լաուրա Աւետիսեան յոբելեարին յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» յուշամետալը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պրն. Մանուէլ Ադամեանի շնորհակալական նամակը` ուղղուած ՀՀ սփիւռքի նախարարին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին,

Յարգարժան Տիկի´ն  Յակոբեան, սոյն թուականի յունիսի 8-ին  Լոնդոնի  «Նոր սերունդ»  մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ  տեղի ունեցաւ իմ գրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն՝ հովանաւորութեամբ բրիտանահայոց եւ Հիւսիսային Իռլանդայի Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի: Միջոցառման ներկայ գտնուեցան համայնքիս մտաւորականութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ գրասէր մեծաթիւ հասարակութիւն:  50-ամեայ գրական-ստեղծագործական վաստակս եւ հասարակական աշխատանքներս ներկայացնելու համար Երեւանէն ժամանեցին Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ  Տիկ. Լաուրա Աւետիսեանը, Մանկավարժական համալսարանի նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամբիոնի վարիչ, դոկ. պրոֆեսոր Սուրէն Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ:  Արուեստագէտները իրականացուցին միջոցառման գեղարուեստական բաժինը, որը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Հայրենի պատուիրակութիւնը իր Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչով, մտաւորականներով եւ արուեստագէտներով մեծ փայլ տուաւ հանդիսութեան: Բրիտանահայութիւնը անկրկնելի պահեր ապրեցաւ:

Յարգարժան Տիկի´ն նախարար, անձիս նուիրուած միջոցառման ընթացքին, Գրողներու միութեան նախագահ պարոն Լեւոն Անանեանը, իր կողքին ունենալով  Տիկ. Լաուրա Աւետիսեանը, ինձ յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան»  մեդալը:  Ձեր կողմէ շնորհուած այդ կարեւոր գնահատականին համար կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւնները եւ կը խոստանամ հնարաւորինս  շարունակել ծառայութիւններս մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Այս առիթով կը յայտնեմ նաեւ, թէ Ամնենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ Վեահափառ Հայրապետը ինձ պատուեց «Սահակ-Մեսրոպ»  շքանշանով:  Ոսկի մեդալ շնորհեց Լոնդոնի «Նոր սերունդ»  մշակութային միութիւնը, իսկ Ս.Դ.Հ.Կ. Կենտրոնական վարչութիւնը` պատուոյ գիր:

Նամակս եզրափակելով, Տիկի´ն նախարար, մէկ անգամ եւս Ձեզ կը յայտնեմ խորին շնորհակալութիւններս:

ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆ

Լորնդոնի «Նոր սերունդի ձայն» ամսագրի  գլխաւոր խմբագիր,

 գրողմանկավարժհասարակական գործիչ

                          ԼՈՆԴՈՆ, 12 Յունիսի 2013

Scroll Up