Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած 15 գիրքերու շնորհանդէսը

Ապրիլ 13-ին` ժամը 15:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու  ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ  եւ պատուէրով հրատարակուած 15 գիրքերու, ինչպէս նաեւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ նախարարութեան աջակցութեամբ տպագրուած «Կրկին կը վերակառուցենք» խորագիրով օրացոյցի շնորհանդէսը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ, 9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ):

Գիրքերը կը ներկայացնեն  Հայոց ցեղասպանութեանն առնչուող աշխարհաքաղաքական, սոցիալ-տնտեսական, հոգեւոր, մշակութային եւ այլ հարցեր:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Հրապարակուած գիրքերուն վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս կու գան ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոսներ Աշոտ Մելքոնեան եւ Ռուբէն Սաֆրաստեան, ՀՀ արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, ԵՊՀ Եւրոպական ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Արթուր Ղազինեան,  «Նորավանք» ԳԿՀ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար Արիստակէս Սիմաւորեան:

Շնորհանդէսի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  կը ներկայացնէ աշխատակազմի ուժերով լոյս տեսած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, որ պարբերաբար կը թարմացուի եւ կը վերահրատարակուի տարբեր լեզուներով:

Scroll Up