ԱՄՆ Ռոտ Այլենտ նահանգին մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ իրականացուած է

ԱՄՆ Ռոտ Այլենտ նահանգի նահանգային պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ  իրականացուած է:

Արցախփրէսը կը գրէ, որ 630wpro.com կայքի փոխանցմամբ` ձեռնարկին ժամանակ նահանգային պալատի ներկայացուցիչ Քեթրին Ղազարեան յայտնած է, որ կը պատրաստուի ներկայացնել օրինագիծ, որ  պաշտօնապէս կը ճանչնայ այն փաստը, որ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ զոհուած է հարիւր տարի առաջ իրականացուած ցեղասպանութեան հետեւանքով: «Կը կարծեմ, որ Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը վատ նախադէպ կրնայ ըլլալ: Քանի որ երբ միլիոնաւոր մարդիկ կը սպաննուին եւ նպատակը  ողջ ցեղի մը ոչնչացումն է, մենք պէտք է ատիկա ճանչնանք, որպէսզի այլեւս չկրկնուի»,- նշած է Ղազարեան:

Նահանգապետ Ճինա Ռայմոնտոն իր ելոյթին ժամանակ եւս փաստած է, որ ցեղասպանութեան  ճանաչումը կարեւոր է յետագային ատոնք կանխարգիլելու տեսանկիւնէն: «Մենք չենք կրնար մոռնալ, քանի որ չենք կրնար թոյլ տալ նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը»,- ըսած է ան:

 

Scroll Up