Աշխարհի Ամենաերկար` «Տաթեւեր» Ճոպանուղիի Տարածքին Նոր Ծառայութիւններ Կը Գործեն
«Տաթեւի դարպասներ» զբօսաշրջութեան գօտին 2013-ի յուլիսէն հանդէս կու գայ նոր ծառայութիւններով: Այդնորութիւններու շարքին են օդապարիկներու վարձոյթը, ժայռագնացութիւնը, հեծանիւներու զբօսանքը, audio–guide–ը, յուշանուէրներու կրպակները: Այս մասին յուլիս 1-ին լրագրողներու հետ հանդիպմանժամանակ նշեց «Տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրէն Վահան Մելիքսէթեանը:
«Յուշանուէրներու կրպակներում վաճառուելու են Տաթեւի յարակից գիւղերի բնակիչների աշխատանքները»,-նշեցՎահան Մելիքսէթեան: 2013թ.-ի սեպտեմբերին «Տաթեւեր»-ը կ’ունենայ իր նոր կայքէջը, որ հնարաւորութիւն կու տայիրականացնելու տոմսերու online վաճառքը :
Վահան Մելիքսէթեանի խօսքերով` նախորդ տարի Տաթեւ այցելած է 100 հազարերորդ այցելուն, իսկ այս տարուան յուլիսինկ’ակնկալուի 150 հազարերորդը: Տարիէ տարի կը նկատուի զբօսաշրջիկներու աճ, նախորդ տարիներու համեմատութեամբ արձանագրուած է 10-14 տոկոս աճ: «Նախորդ տարուայ տուեալներով`զբօսաշրջիկների 65 տոկոսը տեղացիներ են, 35 տոկոսը` արտասահմանցիներ: Տուր-օպերատորների հետ կապուած կըցանկանայինք աւելի սերտ համագործակցել, մասնաւորապէս, 5000-10000 յաճախորդ ունենալու դէպքում առաջարկումենք 5, իսկ աւելիի դէպքում` 7 տոկոս զեղչ»,-ըսաւ «տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրէնը:

«Տաթեւի դարպասներ» զբօսաշրջային գօտիէն ստացուած ողջ շահոյթը կը տրամադրուի Տաթեւի վանքի վերականգնման եւյարակից տարածքներու զարգացման: Վահան Մելիքսէթեան նշեց, որ սակագիներու բարձրացում չի նախատեսուիր:
Անդրադառնալով «Տաթեւ»-ի տարածքին մէջ տեղադրուած հասարակական զուգարանի (100 միլիոն դրամ արժողութեամբերկու թանկարժէք զուգարաններէն մէկն է, որոնք ներկրուած էին որպէս փորձնական ծրագիր- խմբ.) հարցին` ՎահանՄելիքսէթեանը նշեց, որ այն արդեն երկու շաբաթ է, որ կը գործէ: «հասկանում եմ, որ հասարակական զուգարանները շատկարեւոր խնդիր են զբօսաշրջութեան
զարգացման համար եւ տեղեկացնում եմ, որ այն արդէն բարեյաջող գործում է»,-տեղեկացուց «Տաթեւեր»-ի տնօրէնը:
զարգացման համար եւ տեղեկացնում եմ, որ այն արդէն բարեյաջող գործում է»,-տեղեկացուց «Տաթեւեր»-ի տնօրէնը:
2010 թուականի հոկտեմբեր 16-ին բացուած է «Տաթեւեր» ճոպանուղին, որ «Տաթեւի դարպասներ» զբօսաշրջային գօտիի մէկմասը կը կազմէ: Այն կը գտնուի Հայաստանի հարաւը` Սիւնիքի մարզի Տաթեւ գիւղին մէջ եւ կը տանի մինչեւ հայճարտարապետութեան միջնադարեան (IX – XIII) կառոյց` Տաթեւի վանք: Ճոպանուղիի երկարութիւնը 5 հազար 752 մեթր է: 2010 հոկտեմբեր 23-ին «Տաթեւեր»
ճոպանուղին արձանագրուած է Կինես մրցանիշներու գիրքին մէջ` որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձելիճոպանուղի: «Տաթեւեր» ճոպանուղիի ամենաբարձր կէտը 320 մ է, մէկ ուղղութեամբ երթալը կը տեւէ 11-12 վայրկեան: Ճոպանուղիի մէկ ուղղութեամբ երթուղին արժէ 3000 դրամ, երկու ուղղութեամբ` 4000: