Իտալական մամուլը` Հռոմի Պապի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագ մատուցելու մասին (տեսանիւթ)

Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը Ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած պատարագ պիտի մատուցէ:

Իտալական Rome Reports հեռուստաընկերութիւնը կիրակի օրը սպասուող պատարագին ընդառաջ տեղեկագրութիւն մը պատրաստած է, այս մասին կը գրէ Արցախփրէսը: «Ատիկա յիշարժան օր  պիտի ըլլայ»,- կը նշէ հեռուստաալիքի լրագրողը:

Այս առիթով հեռուստաալիքը խօսած է Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հետ, որ յոյս  յայտնած է, որ պատարագը չի քաղաքականացուի: Միայն այն փաստը, որ Հռոմի Պապը համաձայնած է պատարագ մատուցել, շատ բանի մասին  կը խօսի, նշած է ան: «Այդ ամէնէն վերջ  հայերը դեռ այստեղ են… Անոնք իրենց սեփական պատմութիւնը ունին, որ աշխարհի պատմութեան մասն է»,- ըսած է ՀՀ դեսպանը:
«Հայերը իրենց ներքին կռիւը տուած են անարդարութեան եւ տգիտութեան դէմ 100 տարի: Այս տարելից կարեւոր է աշխարհի համար, հայերուն համար շատ բան չի փոխուիր, բայց ատիկա աշխարհի համար ճշմարտութիւնը լսելու միջոց է»,- աւելցուցած է ան:

Ինչպէս կը նշէ նիւթի հեղինակը, երկու տարի առաջ անգամ ինք` Հռոմի Պապը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX-ի հետ հանդիպման ժամանակ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն  նկարագրած է:

ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի խօսքով` պատմութիւնը այժմ կը կրկնուի»:«Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները կ’օգտագործեն միեւնոյն փախուստի ճանապարհները, որ հայերը օգտագործած են 100 տարի առաջ: Ինչու՞: Որովհետեւ կառավարութիւնները կը մերժեն պատմութիւնը, անոնք կը խուսափին խօսելու
ճշմարտութեան մասին»,- ըսած է ան: Ինչպէս կը նշէ տեղեկագրութեան հեղինակը, կիրակի օրը մատուցուելիք պատարագի ժամանակ Հռոմի Պապը պաշտօնապէս Սբ Գրիգոր Նարեկացիին պիտի հռչակէ Եկեղեցւոյ դոկտոր:

Scroll Up