Տեղի պիտի ունենայ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը
Ապրիլ 9-ին, ժ.16:00-ին տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան համատեղ իրականացուած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը (hասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ, 9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ):
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցին մէջ կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, արժեւորել եւ գնահատել այս ուղղութեամբ հայ համայնքներու, կրթամշակութային կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, անհատներու գործունէութիւնը:
2014թ. մրցանակաբաշխութիւնը իրականացուած է հետեւեալ անուանակարգերով.
- «Մայրենիի պաշտպան»,
- «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ»,
- «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում»,
- «Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» շարադրութիւններու