«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Սփիւռքի Լրատուամիջոցներու Մրցոյթ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013թթ.) եւ մինչեւ օրս Սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները*, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնին  կը  պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր` հրապարակելով նշուած թեմաներով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:

Մրցոյթը կ’իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ`

  • տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
  • հեռուստաալիք/հեռուստաժամ
  • ռատիօալիք/ռատիօժամ
  • համացանցային լրատուամիջոց
  • պլոկ

Իւրաքանչիւր անուանակարգի մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:

Մասնակցիլ փափաքողները մինչեւ 2014թ. յուլիս 5 մրցութային յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն.

Մասնակցութեան յայտ (Յաւելուած 1),

2013թ. գործունէութեան ամփոփագիր (Յաւելուած 2):

Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց մրցոյթին կրնայ մասնակցիլ միայն մէկ անուանակարգի մէջ:

Նախորդ մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիրները հրաւիրուած են մասնակցելու մրցութային յանձնաժողովի աշխատանքներուն եւ մրցոյթին չեն մասնակցիր:

Տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէներով.

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

ՀՀ 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1

Էլ. փոստ`     info@mindiaspora.am, mindiaspora@yahoo.com

Հեռախօս`    +(374 10) 58 56 01 /109/

* «Պլոկ» անուանակարգի համար այս պայմանը պարտադիր չէ

Յաւելուած 1 Media_Appendix1_ARM (1)

Յաւելուած 2 Media_Appendix2_ARM

Scroll Up