Ճեֆրի Ռոպերթսըն կ’արժանանայ մրցանակի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար
Միջազգային մակարդակի փաստաբան եւ մարդու իրաւունքներու անուանի իրաւապաշտպան Ճեֆրի Ռոպերթսըն կ’արժանանայ «Արդարութեան պաշտպաններ» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար:
Մրցանակը պիտի տրուի Հոկտեմբեր 25-ին` Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած ամենամեայ կալա ընդունելութեան ժամանակ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ` Ռոպերթսըն Հոկտեմբեր 23-ին եւ 24-ին պիտի մասնակցի նաեւ «Ճանապարհ դէպի հատուցում» քննարկման, որուն ժամանակ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գառնիկ Քրքոնեանի հետ պիտի քննարկեն միջազգային իրաւունքի ոլորոտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն Հայկական հարցի լուծման իրաւական ուղիները Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին յաջորդող շրջանին:
«Ճեֆրի Ռոպերթսընի մասնակցութիւնը Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած այս տարուան քննարկման վստահօրէն աւելի բարձր սանդղակ կը սահմանէ ապագայ նման քննարկումներու համար», ըսած է Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի համանախագահ Հայկ Տիքիճեան: