Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուած է պրազիլական «Folha de S. Paulo» թերթին

Ապրիլ 2-ին  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց  տուած է պրազիլական յառաջատար «Folha de S. Paulo» թերթի մատրիտեան թղթակից Տիեկօ Պերսիտոյին, որ  Հայաստանի մէջ կը գտնուի թերթի եւ նոյնանուն ելեկտրոնային կայքին համար Հայաստան տարբեր տեսանկիւններէ  ներկայացնող յօդուածաշար պատրաստելու նպատակով:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղղուած հարցերը կը վերաբերէին հայկական սփիւռքի յառաջացման պատճառներուն, պրազիլահայ համայնքի ընդհանուր պատկերին, սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ նախարարութեան ունեցած դերին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ Հայաստանի եւ պրազիլահայ համայնքին մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն եւ այլ հարցերու:

br1

Scroll Up