Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի 2015թ. ծրագիրին

Կառավարութիւնը հաւանութիւն  տուած է «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի 2015թ. ծրագիրին եւ ձեռնարկներու ցանկին: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան:

Ծրագիրը մշակելուն հաշուի  առնուած են 2013թ. իրականացուած «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնի արդիւնքները: 15 ձեռնարկներուն այն ժամանակ մասնակցած էր ին երկրի 300 ներկայացուցիչ:

Այսօր տեղի ունեցած նիստին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ուսումնական քարտէզներու ձեւաւորման եւ կազմաւորման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով կառավարութիւնը վերաբաշխում  կատարած է 2015թ. պետական պիւտճէին, փոփոխութիւններ եւ լրացումներ` իր աւելի առաջ ընդունած որոշման մէջ, որուն արդիւնքով 100-րդ տարելիցի նախաշեմին կ’ունենանք մէկ տասնեակէ աւելի քարտէզ, որոնք կը բաշխուին ՀՀ, ԼՂՀ եւ սփիւռքի ուսումնական հաստատութիւններուն: Վարչապետի խօսքով ինք տեսած է քարտէզներու նմուշները եւ բարձր գնահատած կատարուած աշխատանքը:

Scroll Up