(Արևելահայերեն) Ուորլիքը սատարում է շփման գծից դիպուկահարներին հեռացնելու, դիտորդներ ավելացնելու կոնգրեսականների կոչին
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 26-ին Երեւանի մէջ միաձայն որոշում ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Նիստին ներկայ էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ աշխարհի 40 երկիրներէ, բացառութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:
Ձեւաւորուեցաւ 12 անձերէ բաղկացած Կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրոյի, ՀՌԱԿ-ի, Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:
Հաւանաբար անուշադրութեան պատճառով, Կազմակերպչական յանձնախումբի կազմին մէջ չէ ընդգրկուած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ: Սակայն, բանաձեւին մէջ յստակ սահմանուած է, որ Համահայկական խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի առանցքային կազմակերպութիւններու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ընդունուած որոշումին համաձայն `
– Համահայկական խորհուրդը պիտի կրէ խորհրդատուական բնոյթ, պիտի ունենայ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր, եւ տարեկան նիստերը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ.
– Խորհուրդը պէտք է իր մշտական օրակարգին մէջ ընդգրկէ հետեւեալ հարցերը. ա) աշխարհի հայերու վիճակի մասին համապարփակ ամենամեայ զեկոյցի քննարկումը, բ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը, եւ գ) համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը:
– Խորհուրդը պէտք է իր անդրանիկ նիստը գումարէ Երեւանի մէջ, 2016 թուականի Սեպտեմբեր 20-ին:
– Կազմակերպչական յանձնախումբը պէտք է մշակէ եւ մինչեւ 2016 թուականի Ապրիլ 15-ը յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքէ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառուցուածքի մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպէ խորհրդատուութիւններ Խորհրդի հայեցակարգի, կառուցուածքի եւ գործունէութեան կարգի շուրջ, նախապատրաստէ Խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016-ի Յուլիս 15-ը իրազեկէ յանձնաժողովի անդամներուն առաջին նիստին իրականացման վայրի եւ ժամանակացոյցի մասին:
– Սփիւռքի նախարարը` ՀՀ արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, պետական մարմիններու հետ փոխգործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած` սփիւռքի կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով պէտք է նախապատրաստէ «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը. մինչեւ 2016-ի Մայիս 1-ը զեկոյցի նախագիծը ներկայացնէ պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` վերջիններուս առաջարկութիւնները ստանալու եւ մինչեւ 2016-ի Սեպտեմբեր 20-ին կայանալիք նիստը ամփոփելու նպատակով, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ` նախապատրաստելով առաջարկներ Համահայկական խորհուրդի հետ վերջիններուս փոխգործակցութեան ընթացակարգերու վերաբերեալ:
Քննարկման ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց, որ ի լրումն Համահայկական խորհուրդին, Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուին տարածաշրջանային յանձնախումբեր` 2016 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան 25-րդ տարեդարձին, եւ 2018-ի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի ձեռնարկներուն կազմակերպման աջակցելու նպատակով:
Իմ խօսքիս մէջ հարցուցի, թէ ինչո՛ւ Համահայկական խորհուրդին մէջ չեն ընդգրկուած հանրութեան ներկայացուցիչներ, որպէսզի հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չհանդիսացող հայերու մեծամասնութիւնը ներկայացուած ըլլայ Խորհուրդին մէջ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց, որ իր աշխատակազմը նման գաղափար մը ուսումնասիրած է, սակայն հրաժարած է անկէ, հաշուի առնելով հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու ընտրութեան բարդութիւնը: Ես նշեցի, որ գոյութիւն ունին մեքանիզմներ հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ ընտրելու համար: Նախագահը խնդրեց, որ Կազմակերպչական խորհուրդը նկատի ունենայ նման առաջարկները: Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան եւս արտահատուեցան Համահայկական խորհուրդին մէջ հանրութեան ներկայացուցիչներու հնարաւոր ընդգրկման մասին:
Ինչպէս բացատրած եմ իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ` Համահայկական խորհուրդը կը վերացնէ իւրաքանչիւր հայկական ճգնաժամի կամ խնդրի առիթով առանձին յանձնաժողովներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իմ կարծիքով, նախընտրելի է, որ Խորհուրդի սփիւռքեան անդամները ընտրուին հայկական համայնքներու մէջ իրականացուող ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով. սա շատ բարդ գործընթաց է, սակայն դրուատանքի արժանի` յաջող իրագործման պարագային…
Եւ վերջաւութեան, Սեպտեմբեր 26-ի նիստին քննարկում չեղաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դերի մասին Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումէն ետք: Կազմակերպչական խորհուրդը այս կարեւոր հարցը պէտք է դիտարկէ իր յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն»-ը