Նոր Հարաւային Ուելսի առաջին կին գանձապետ նշանակուած է աւստրալահայ Կլատիս Պերեճիկլեան
Աւստրալահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիկլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի առաջին կին գանձապետը: Անոր վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ 70 միլիար աւստրալական տոլար ծաւալով նահանգային պիւտճէն:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբն իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ այս մասին գրառում կատարած է եւ շնորհաւորած հայ պաշտօնեան: Յանձնախումբը կը նշէ, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ նահանգային նոր կառավարութեան հետ աշխատանքներուն, որուն ընթացքին հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ աւստրալահայ համայնքի համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն:
Աւստրալահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիկլեան կը զբաղեցնէր Նոր հարաւային Ուելս նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարարի պաշտօնը: Ան նահանգի ազատական կուսակցութեան փոխնախագահն է: Ծնած է Սիտնէյ 1970 թուականին: