Հայաստանի Ազգային Արխիւ, փաստաթուղթերու հաւաքածու Վանի վիլայէթի Վանի շրջանի Խառակոնիս գիւղի կոտորածը վերապրած Սաթենիկ Պարունակեանի վկայութիւնը 1916, Պաքու Մեր մէջ տղամարդ չկար: Անոնք կը զննէին մեզ եւ եթէ տղամարդ գտնէին, կը տանէին ու կը սպաննէին: Անոնք չէին խնայեր նոյնիսկ երեխաներն ու գտնելու պարագային անմիջապէս կը սպանննէին բոլոր տղաները: Մեր տղաները ճակատին մազափունջ ունէին, անոնք կը զննէին գլուխները, եւ եթէ ոեւէ մէկը մազափունջ ունէր, զինք կ’առանձնացնէին ու կը սպաննէին, եւ մենք, քանի որ մկրատ չունէինք, սկսանք ատամներով կտրել երեխաների մազափնջերը: Անոնքք երեխաներուս գլուխները մի քանի անգամ ստուգեցին, սակայն, բարեբախտաբար, ոչինչ չնկատեցին, եւ երեխաներս փրկուեցան: Մենք մի քանի օր մնացինք քահանայի տունը: Ան ուտելու բան չունէր: Մենք աղբիւրէն ջուր կը բերէինք եւ երեխաները կը սնանէին ջուրով, անոնցմէ շատերը այդ ժամանակ սովէն մահացան: Պրոտյուսեր` Արա Թադեւոսեան նկարահանումը` Լենա Գէորգեան, Մարիամ Լորեցեան Post Production` “Թումօ” ընկերութիւն Սաթենիկ Պարունակեանի վկայութեան աղբիւրը` National Archives of Armenia, Armenian Genocide by Ottoman Turkey, 1915, Testimony of survivors, Collection of documents, Yerevan-2013: Վկայութեան հայերէն թարգմանութիւնը` անժելա Կժտրեան “100 վայրկեան” նախագիծի գլխաւոր գործընկերը Վիվասէլ-MTS ընկերութիւն:
Ատրիանա Գարեմպոն կը Կարդայ Սաթենիկ Պարունակեանի Վկայութիւնը (տեսանիւթ)
Մետիամաքսը կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած 100 վայրկեան նախագիծը: Ան հիմնուած է Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններու վրայ` հրատարակուած Հայաստանի Ազգային արխիւի կողմէն: Ատրիանա Սկլենարիկովա-Գարեմպոն սուբերմոտել եւ դերասանուհի է: “100 վայրկեան” նախագիծի համար Ատրիանա Սկլենարիկովա-Գարեմպոն կարդացած է հատուած Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սաթենիկ Պարունակեանի վկայութենէն: