Էրտողան. Հայերը միտումնաւոր Ապրիլ 24-ը «Յարմարեցուցած են» Կալիպոլիի օրուան հետ
Հայերը իրենք միտումնաւոր Ապրիլ 24-ը յարմարեցուցած են այնպէս, որպէսզի այն համընկնի Կալիպոլիի ճակատամարտի տարեդարձի օրուան հետ: Այս մասին ըստ NEWS.am-ի` յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռաճէպ Թայիպ Էրտողան` ֆրանսական France 24-ին տուած հարցազրոյցին:
Էրտողան յիշեցուցած է, որ այս տարի Թուրքիան կը նշէ Կալիպոլիի ճակատամարտի 100-րդ տարեդարձը եւ չի պատրաստուիր ատոր համար թոյլտուութիւն խնդրել Հայաստանէն:
«Ասիկա պատմական ամսաթիւ է, եւ այն բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի մէջ ձեռնարկներուն հետ: Ճիշդ հակառակը, անոնք ամսաթիւը այնպէս յարմարեցուցած են, որպէսզի այն համընկնի մեր ամսաթիւին հետ»,-յայտարարած է Էրտողան:
Անոր խօսքով` երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ խնդիրներուն, «Թուրքիան միշտ ըրած է դրական քայլը» եւ խաղաղութեան ձեռք մեկնած: Իսկ Հայաստան, անոր կարծիքով, «Երբեք չէ ընդունած խաղաղութեան ձեռքը»: