ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ համաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի ներկայացուցած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը

2015 թուականի Մարտ 27-ին Ժնեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին համաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի նախաձեռնած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը (“Prevention of genocide”): Հայաստանին  միացան եւ բանաձեւը համահեղինակեցին վաթսունչորս պետութիւն, որոնք կը ներկայացնեն Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի տարածաշրջանային բոլոր խումբերը: Բանաձեւը համահեղինակելու համար բաց կը մնայ դեռեւս երկու շաբաթ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Բանաձեւը կը վերահաստատէ, որ ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններու անպատժելիութիւնը կը խրախուսէ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ժողովուրդներու համագործակցութեան համար եւ կ’ընդգծէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը` իբրեւ կանխարգիլման կարեւոր գործիք:

Հայաստանի նախաձեռնած բանաձեւին մէջ կ’ընդգծուի, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտման եւ արդարացման փորձերը կը վտանգեն անպատժելիութեան դէմ պայքարը, կը խոչընդոտեն ցեղասպանութեան
կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը:

Բանաձեւին մէջ կը վերահաստատուի Համընդհանուր պարբերական դիտարկման մեխանիզմներու կարեւորութիւնը` հրաւիրելով պետութիւններուն իրենց ազգային զեկոյցներուն մէջ  ներկայացնելու տեղեկատուութիւն ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին:

Բանաձեւը կոչ կ’ընէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով ամրապնդել համագործակցութիւնը գործող մեխանիզմներու ծիրէն ներս, ցեղասպանութիւններու վերաճելու
հաւանականութիւն ունեցող մարդու իրաւունքներու զանգուածային, լուրջ եւ պարբերական խախտումները կանխելու նպատակով:

Փաստաթուղթը կ’ընգծէ կրթութեան կարեւորութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ եւ կոչ կ’ընէ անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն համապատասխան կրթական ծրագիրներու միջոցով նպաստել ցեղասպանութիւններու իրազեկման եւ ատոնց միջոցով կանխարգիլման:

Իբրեւ կանխարգելիչ ձեռնարկ բանաձեւը կոչ կ’ընէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն սահմանել անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին ազգային օրեր` որպէսզի նման յանցագործութիւնները երբեք չմոռցուին եւ բոլորը հնարաւորութիւն ունենան անցեալի դասերու հիման վրայ նպաստել առաւել ապահով ապագայի կերտման:

Բանաձեւով Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը կ’առաջարկէ ՄԱԿ Գլխաւոր Ժողովին Դեկտեմբեր 9-ը` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին համաձայնութեան ընդունման օրը, սահմանել ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի օր:

Բանաձեւին համաձայն, կը նախատեսուի նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով համակարգողներու համաշխարհային ցանցի ստեղծում:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ միջազգային այս կարեւոր
բանաձեւը կ’ընդունուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին:

 

Scroll Up