«Հայերն Այսօրը» Կ’ամփոփէ «Բարի Տարի, Փոքրի՛կ» Ծրագիրը

2015 թուականի Դեկտեմբերին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականը` Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի եւ ԵՌԱԳՈՅՆ պարբերականի համագործակցութեամբ, նախաձեռնած էր «Բարի տարի, փոքրիկ»՛ բարեգործական ծրագիրը: Նպատակն էր աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող 1-16 տարեկան շուրջ 60 սուրիահայ երեխաներու` անոնց համար իրականութիւն դարձնելով ամանորեայ հեքիաթը եւ ուրախութիւն պարգեւել պատերազմ տեսած անոնց աչքերուն:

Սուրիահայ երեխաներուն համար նուէրներ պատրաստելու կոչին արձագանքեցին ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ Սփիւռքէն: Բոլորին ցանկութիւնը մէկն էր` օգնութեան ձեռք մեկնել պատերազմի բովով անցած ու այսօր արդէն հայրենիքի մէջ բնակող փոքրիկներուն: Օգնել յաղթահարել իրենց (կամ ծնողներու) ծննդավայրի խաղաղ օրերու ամանորեայ վերյուշի ցաւն ու արդէն հայրենիքի մէջ հիւսել ամանորեայ նոր հեքիաթ` նոր գոյներով ու երազանքներով:

Հասցէագրուած նուէրներ (տաք հագուստ, խաղալիքներ, գրենական պիտոյքներ) պատրաստեցին Արժանթինի հայ համայնքը, ՌԴ Ատիկէայի հանրապետութեան ՌՀՄ-ն տարածաշրջանային կազմակերպութեան խորհուրդը եւ «Նայիրի» պարախումբը, ՌԴ Տուապսէ քաղաքի ՌՀՄ տարածաշրջանային կազմակերպութիւնը, ՌԴ Արմաւիր քաղաքի «Արմաւիր» պարախումբը, Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի Մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինի նախաձեռնութեամբ` վարչական շրջանի  շարք մը մանկապարտէզներ եւ  շարք մը անհատներ:

«Բարի տարի, փոքրի՛կ» ծրագիրը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հերթական նախաձեռնութիւնն էր` ուղղուած Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու աջակցութեան ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

բարի տարի փոքրիկ1բարի տարի փոքրիկ2բարի տարի փոքրիկ4բարի տարի փոքրիկ7բարի տարի փոքրիկ3բարի տարի փոքրիկ5բարի տարի փոքրիկ6բարի տարի փոքրիկ8բարի տարի փոքրիկ

Scroll Up