Հայաստանն ու Հայութիւնը Ո՛չ Հայ Փոքրիկներու Ծանօթացնելու Ուրոյն Նախաձեռնութիւն Մը (տեսանիւթ)

Մագասէտ Իսլամական Բարեսիրական Միութեան պատկանող Խալիլ Շըհապ Նախակրթարան Վարժարանը, իր 2014-2015 տարեշրջանի կրթական ծրագիրներու ծիրէն ներս British Council-ի հետ գործակցաբար, նախատեսած էր իրագործել International School Award (ISA) մրցանակը, որուն համար տարուան ընթացքին պէտք էր որ ծրագրէին, կազմակերպէին եւ իրագործէին տարբեր նիւթերու հետ կապուած կրթական ծրագիրներ:

Այս ծրագիրներու ծիրէն ներս BC-ը նախատեսած էր «Մայրենի լեզու»ի թեման: Խալիլ Շըհապ վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները ներշնչուած իրենց անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի Կասիա Թօփուշեանէն եւ իր քաջալերութեամբ կ’ընտրեն Հայերէն լեզուն:

Երկու ամսուան լուրջ աշխատանքներէ եւ պրպտումներէ ետք, 6-րդ դասարանի աշակերտները եւ իրենց ուսուցչուհին կը կազմակերպեն մտերմիկ հանդէս մը, ուր կը  հրաւիրեն իրենց ծնողները, վարժարանի ուսուցիչներն ու 5-րդ դասարանի աշակերտները, որպէսզի տեսնեն իրենց կազմակերպած հանդէսը:

Հանդէսին օրը, աշակերտները խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ կը պատրաստեն իւրայատուկ Հայկական սեղան մը, որուն վրայ կը ցուցադրեն հայկական արուեստի գործեր, ապակեղէններ, նկարներ ու աւանդական զարդեղէններ:

Տիկ. Լինա եւ Օրդ. Լամա Հայկական տարազ հագած Ռիուային հետ

Տիկ. Լինա եւ Օրդ. Լամա Հայկական տարազ հագած Ռիուային հետ

Մուտքին աշակերտուհի մը հայկական աւանդական տարազ հագած, հայուհիի մը նման հիւրերուն կը հիւրասիրէ հայկական անուշեղէն, ինչպէս նաեւ չիր ու չամիչ:

Հիւրերը կը հիւրընկալուին ոչ միայն հայկական աւանդական անուշեղէնով, այլ նաեւ հայկական նշանաւոր երաժիշտներու երգերով եւ երաժշտութեամբ:

Ռիուա եւ Նըսրա Հայուհիյի աւանդական հիւսուած մազերով
Ռիուա եւ Նըսրա Հայուհիյի աւանդական հիւսուած մազերով

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ այս մտերմիկ հանդէսը իր մէջ կը պարունակած է սահիկներու ցուցադրութիւն (slide show) մը Հայաստանի մասին, որ պատրաստուած էր աշակերտներուն կողմէ, որմէ ետք աշակերտուհի մը կ՛ընթերցէ «Երազ Իմ Երկիր» -ին բառերը, որուն հետ զուգահեռ մեղմօրէն կը լսուէր Ամիրխանեանի կատարողութեամբ այս նշանաւոր երգը, եւ վերջապէս հանդէսը իր աւարտին կը հասնի անակնկալով մը, ուր աշակերտներուն նախապէս պատրաստած տեսաերիզ մը կը ցուցադրուի: Այս տեսաերիզին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ իր նախասիրած բառը կամ նախադասութիւնը հայերէնով կ’արտասանէ:

Հիւրերը ոչ միայն հիացած կը մեկնին սրահէն, այլ նաեւ կը մեկնին հայերէն կարգ մը բառեր սորվելով:

Հանդէսէն ետք, 6-րդ դասարանի աշակերտներն ու իրենց ուսուցչուհին կը փորձեն գրել եւ ամփոփել իրենց միտքերը այս ծրագիրին հետ կապուած: Այս միտքերը կարելի է ամփոփել մի քանի տողերով` Աշակերտները ոչ միայն հիացած էին Հայերէն լեզուով, այլ նաեւ անոնց մէջ սէր ու հետաքրքրութիւն արթընցած էր, որպէսզի օր մը անպայման այցելեն դրախտավայր Հայաստանը: Անոնց մէջ զարգացած էր Հայ արուեստի, խոհանոցի եւ մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, իսկ մարզական յատուկ հետաքրքրութին մըն ալ զարգացած էր յատկապէս տղոց մօտ:

6-րդ Դասարանի Աշակերտները Կը Հիւրասիրեն Իրենց Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Ռանան

6-րդ Դասարանի Աշակերտները Կը Հիւրասիրեն Իրենց Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Ռանան

ՌԱԿ-ի հաւատաւոր ընտանիքի զաւակ` Կասիան, որուն հետ զրոյց մը ունենալու համար հանդիպեցանք «Զարթօնք՚»ի խմբագրատան  մէջ, հետեւեալ  խօսքերով ամփոփեց իր գերազանցօրէն հայավայել եւ ուրոյն նախաձեռնութիւնը.«Որպէս Մագասէտ Իսլամական վարժարանի 6-րդ դասարանի ուսուցչուհի եւ այս ծրագրի կազմակերպիչը կրնամ ըսել թէ այս ծրագիրը ոչ միայն կրցաւ հասնիլ իր նպատակին, այլ նաեւ ես որպէս Հայ կրցայ իմ պարտքս մասամբ մը կատարել ծանօթացնելով իմ ազգիս պատմութիւնը, լեզուն, աւանդութիւններն ու մշակոյթը օտարազգի եւ այլ կրօնքի պատկանող իմ աշակերտներուս, որոնք ոչ միայն մօտէն ճանչցան ու ծանօթացան Հայութեան ու Հայաստանին, այլեւ անոնց մօտ զարգացաւ այլ մշակոյթ մը սիրով ընդունելու եւ ծանօթանալու զգացումն ու գիտակցութիւնը: Անոնք այս ծրագիրի իրագործումէն ետք՝ բոլորովին ուրիշ մօտեցումով պիտի նային ու վարուին, Լիբանանի մէջ իրենց հետ ապրող հայերուն հետ»:

Կասիա շրջապատուած իր սիրասուն աշակերտներով

Կասիա շրջապատուած իր սիրասուն աշակերտներով

Իրապէս հպարտալի նախաձեռնութիւն մը, որուն համար անչափ շնորհակալ ենք Կասիային՝ իր հայրենասիրութիւնը լաւագոյնս արտացոլացնելու այս վեհ եւ օրինակելի գործին համար, որուն մասին Կասիա իր բառերով եզրափակեց.«Աշակերտներս այս ծրագիրի աւարտին կրցան հասկնալ, թէ կեանքի մէջ ամէն ինչ գործով է, որ կարելի է գործադրել եւ ոչ խօսքով»:

Հաճեցէ՛ք սեղմել հետեւեալ կապին վրայ դիտելու նիւթին առնչուող տեսաերիզ մը՝

ragmamoul.net

Scroll Up