Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսեան բնակարանը փոխանցուեցաւ Վիրահայոց թեմին
Յունիս 8-ին Թիֆլիս ժամանած էր Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան` գրողներու միութեան պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ: Այցի նպատակը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանը ամբողջական տեսքով Վիրահայոց թեմին փոխանցելն էր: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը:
Հիւրերը «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ Կոմիտասին նուիրուած ցուցահանդէսը դիտելէ յետոյ, այցելեցին Խոջիվանքի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելու Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ ազգի միւս մեծերու շիրիմներուն:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդը, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարան, ուր անոնց միացան Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Կոնաշուիլին, «Ցիսկարի» ամսագիրի խմբագիր, գրող Պաղաթեր Արապուլին եւ այլոք:
Յովհաննէս Թումանեանի տան մէկ մասը, գրադարանի վերածուած 150 քառակուսի մեթր տարածքը, 2012 թուականին, Հայաստանի գրողներու միութեան երջանկայիշատակ նախագահ Լեւոն Անանեանի անդուլ ջանքերով ձեռք բերուած էր Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հովանաւորութեամբ:
Տան ամբողջական տեսքով ձեռք բերման հարցը կը գտնուէր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուշադրութեան ներքոյ եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տանէր նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: Եւ միայն վերջերս` 2015 թուականին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդի դիմումով, «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ հիմնադրամի միջոցներով գնուեցաւ նաեւ շէնքի ժառանգներուն մնացած մասը եւ նախօրօք ձեռք բերուած հատուածին հետ միասին ամբողջական տեսքով նուիրաբերուեցաւ թեմին` իբրեւ սեփականութիւն:
Երկու երկիրներու գրողներու միութիւններու նախագահներու հանդիպումը խորհրդանշօրէն տեղի ունեցաւ յատկապէս այս տան մէջ:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան հանդիսաւորապէս Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանին յանձնեց տան բանալիները: Տունը այսուհետ պիտի կոչուի «Մշակոյթի եւ արուեստի Թումանեանական Վերնատուն» եւ անոր գործունէութիւնը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ երկու քրիստոնեայ ազգերու համագործակցութեան, բարեկամական յարաբերութիւններու, ստեղծագործական կապերու զարգացման եւ խորացման: Պիտի իրականացուին գիրքերու քննարկում-շնորհանդէսներ, հայ եւ վրաց ստեղծագործական, մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: Շէնքին մէջ պիտի գործէ դահլիճ, քառալեզու գրադարան, ՀԲԸՄ Վիրթուալ Համալսարան, իսկ սենեակներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանի անունը:
Շնորհաւորանքի ելոյթներով հանդէս եկան Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Կոնաշուիլին, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխչեան, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիւի Շահնազարը, գրող,թարգմանիչ Անահիտ Բոստանջեան:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ օրը անուանեց, յիրաւի, պատմական, քանզի Ամենայն հայոց բանաստեղծի բնակարանը շուտով կը վերադառնայ իր նպատակային ծառայութեան եւ Թեմի անունէն ստանձնեց անհրաժեշտ վերանորոգչական աշխատանքներու իրականացման, անհրաժեշտ գոյքով եւ կահաւորանքով ապահովման պարտաւորութիւն:
Այնուհետեւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Կոնաշուիլին, ստորագրեցին համագործակցութեան մասին յուշագիր, որուն միացան Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը, «Հայարտուն» կեդրոնը, Հայ-վրացական մշակութեային կապերու «Կամուրջ» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Յ.Գ. Հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի տունը կը գտնուի Ամաղլեբա (նախկին` Դաւիթաշուիլի) փողոցի 18 հասցէին, ուր ապրած է Թումանեան 1909-1923 թթ-ը, իսկ 1952 թ-ին տան իրերը տեղափոխուած են Երեւան: 6 սենեակներէն 4-ը վերածուած էին գրադարանի, իսկ միւս 2-ը` մնացած գրողի ժառանգներուն: Անկախացումէն յետոյ Թիֆլիսի քաղաքապետարանը որոշ հանգամանքներու բերումով գրադարանային մասը փոխանցած էր Վրաստանի քաղաքացիներէն մէկուն, որմէ եւ հարկ եղաւ ձեռք բերել այն: