Իտալիոյ Մէջ Կայացաւ Ցեղասպանագէտներու 10-րդ Միջազգային Գիտաժողովը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/06/g_image5.jpg)
Իտալիոյ Սիենա քաղաքին մէջ յունիս 19-22 տեղի ունեցած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 10-րդմիջազգային գիտաժողովի բացումը, որուն մասնակցած են շուրջ 200 յայտնի ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ:
Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած են շուրջ երկու հարիւր զեկոյց` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, Հոլոքոստին,Ռուանտայի եւ միւս ցեղասպանութիւններուն: Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ներկայացուցիչներՀայաստանէն, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) չորս գիտաշխատողներ` Հայկ Դեմոյեան, ՍուրէնՄանուկեան, Ասիա Դարբինեան եւ Գէորգ Վարդանեան: Գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ Փիետրօ Կուչուկեան, ՔարլոսԱնթարամեան, Տիգրան Սարուխանեան, Արմէն Մասրուբեան եւ այլք:
Փրթըր Պալաքեանը եւ Արմէն Մասրուբեանը ներկայացուցած են Թաներ Աքչամի նոր` «Երիտասարդ թուրքերույանցագործութիւնը մարդկութեան նկատմամբ» գիրքը: Հանդիպման վերջաւորութեան Հայկ Դեմոյեան գիտաժողովիկազմակերպիչ փրոֆէսոր Մարսելօ Ֆլորեսին յանձնած է յատուկ Ծիծեռնակաբերդի ոսկէ մետալ: Յաջորդ գիտաժողովըտեղի պիտի ունենայ Երեւան 2015 թուականին:Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքինախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը: