ԱՄՆ Քոնկրէսական Մայքլ Կրիմը Խոստացած Է Աւելի Յամառ ՊայքարՄղել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

ԱՄՆ քոնկրէսական Մայքլ Կրիմը խոստացած է Իլիոնոյսի հայ համայքնիանդամներուն աւելի յամառ աշխատիլ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներուպալատ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 227-

րդ բանաձեւի ընդունման ուղղութեամբ: Այս մասին  «Արմէնփրէս»-ին կըտեղեկացնեն ԱՄՆ Իլինոյս նահանգի Հայ դատի յանձնախումբը, Քոնկրէսիմէջ Հայսատանին աջակցող խումբի համանախագահ Մայքլ Կրիմի համարհրաւիրուած համայնքային ընդունելութեան ժամանակ հնարաւորութիւն ընձեռուած է տեղի հայ համայնքի անդամներուն ծանօթանալու նորհամանախագահին հետ:
Ընդունելութեան ընթացքին քոնկրէսականը խօսած էամերիկահայ համայնքը յուզող կարեւոր հարցերու, ներառեալ`Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի ճշմարիտ եւ արդարացի լուծման,Թուրքիոյ կողմէ հայ եկեղեցւոյ` ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէետք  յափշտակուած սեփականութիւնը վերադարձնելու, Հայաստանիտնտեսական բարեկեցութեան, ԱՄՆ-Հայաստանառեւտրային համագործակցութեան ընդլայնման եւ Լեռնային ՂարաբաղիՀանրապետութեան ճանաչման հարցերու մասին: «Եսանհամբերութեամբ կը սպասեմ շարունակելու իմ ծառայութիւնը Քոնկրէսիմէջ որպէս  Հայաստանին աջակցող խումբի համանախագահ:
Կ’ակնկալեմ նշանակուիլ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքինյարաբերութիւններու յանձնաժողովին, եթէ թափուր տեղ ըլլայ:Հաստատուելու պարագային, ես աւելի լաւ հնարաւորութիւններ կ’ունենամպաշտպանելու Հայկական հարցը` Յանձնաժողովի նախագահ,քոնկրէսական Էդ Ռոյսի հետ միասին աշխատելով Ներկայացուցիչներուպալատի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող 227-րդ բանաձեւի շուրջ»,-նշած է Կրիմը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 227-րդ բանաձեւը յանձնուած է ԱՄՆԱրտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, ուր ՄիացեալՆահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վաղեմիջատագովները` քոնկրէսական Էդ Ռոյսը եւ Էլիոտ Էնճըլը,համապատասխանաբար, կը հանդիսանան յանձնաժողովի նախագահեւ մեծամասնութեան անդամ:
Առաջին անգամ առաջադրուելով Քոնկրէսի ընտրութիւններուն`քոնկրէսական Մայքլ Կրիմը, Իլինոյսի Հայ դատիյանձնախումբի աջակցութեամբ յաղթանակ  տարած է ԱՄՆՆերկայացուցիչներու պալատի անդամ, Թուրքիոյ համախոհ ՄայքլՄքմահոնի նկատմամբ:
Scroll Up