Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովի Օրակարգին Վրայ

Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ սկսած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ ուրբաթ, 1 նոյեմբեր:

Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 նոյեմբերին, համաժողովի մասնակիցներ «Խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» շոգեկառքով Սէուլ մեկնեցան եւ շաբաթավերջը Քորէայի զանազան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ անցուցին:

Համաժողովի երկրորդ օրը, ընկերային-քաղաքական հարցերու յանձնախումբի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայ ժողովուրդի արդար դատին զօրակցութիւնը ընդգծող յայտարարութիւնը, որ Անթիլիասի մէջ մշակուած էր եւ Պուսանի մէջ Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան կողմէ եւս որդեգրուելով համաժողովին յղուած:

Այս առիթով, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան քորէական պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին կը յայտնէր. «Առաջին անգամը չէ, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութեան գծով իր արդար ձայնը կը բարձրացնէ: Մենք երախտապարտ ենք բոլոր եկեղեցիներուն եւ պետութիւններուն, որոնք մեր դատին ճանաչման համար աշխատած են եւ կը շարունակեն աշխատիլ: Սակայն, 100-րդ տարելիցի սեմին, այս միջազգային զօրակցութիւնը կոչ մըն է համայն մարդկութեան դրականօրէն արձագանգելու նոյնինքն մեր համաժողովի գլխաւոր նիւթին` «Կենսատու Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ», որպէսզի ցեղասպանութիւններու զոհ դարձած ժողովուրդներ արդարութեան արժանանան, այլեւս ցեղասպանութիւններ տեղի չունենան եւ ամբողջ մարդկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրի»:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, զորս պիտի աւարտէ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորները թէ՛ լիակատար նիստերու եւ թէ՛ խմբական քննարկումներու ընթացքին գործօն մասնակցութիւն կը բերեն համաժողովին: Այսպէս.

Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընտրողական յանձնախումբի անդամ է:

Նարեկ արք. Ալեէմեզեան համադրող յանձնախումբի անդամ եւ միջեկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակի քննարկման խմբակի ատենապետ է:

Թենի Սիմոնեան ծրագրումի յանձնախումբի անդամ եւ ամէնօրեայ Աստուածաշունչի սերտողութեան խմբակի վարիչ է:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան ընկերային-քաղաքական հարցերու յանձնախումբի անդամ է:

Իրաւաբան Վանա Կիտցինեան մարդկային իրաւունքներու քննարկման խմբակի խօսնակն է:

Նազելի Գանտահարեան համադրող յանձնախումբին մէջ համաժողովի երիտասարդները կը ներկայացնէ:

aztagdaily.com

Scroll Up