Եգիպտական Եւ Թրքական Աղբիւրներու Լոյսին Տակ՝ Պատմաբան Դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ Խօսեցաւ Հայց Ցեղասպանութեան Մասին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը «Անդրանիկ» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, եգիպտացի ծանօթ պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ՝ եգիպտական եւ թրքական աղբիւրներու լոյսին տակ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորումը եւ գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մէջ օսմանեան բռնատիրութեան վայրագութիւնները:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Արին Ղազարեան արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս օրուան հիւրին՝ Եգիպտոսէն հրաւիրուած, պատմաբան, դասախօս, ՀԲԸՄ-ի «Արեգ» ամսաթերթի արաբական բաժնի խմբագիր դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամին:
Պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան՝ (արաբերէն լեզուով)ամփոփ տողերումէջ կատարեց պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ մտաւորական, պատմաբանին հեղինակութեամբ լոյս տեսած գիրքերուն, ուսումնասիրութիւններուն արժեւորումը:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամը: Յարգելի բանախօսը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, սոյն ձեռնարկը յղանալու եւ կազմակերպելու առիթով: Ապա ան յայտնեց, թէ բանախօսութիւնը բաժնած է երկու հիմնամասերու. Առաջինը՝ մինչեւ ցեղասպանութիւնը, հայկական հարցին զարգացումը եւ թեւակոխած հանգրուանները: Երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի արաբական պետութիւնները եւ Թուրքիան՝ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ժամանակաշրջանին:
Յարգելի բանախօսը շեշտեց, թէ Թրքական բռնատիրութիւնը միաժամանակ արեան մէջ փորձած էր խեղդել հայ եւ արաբ ժողովուրդներու անկախութեան ձգտումները: Շահեկան բանախօսութեան աւարտին, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ նշեց, թէ թուրքերը, ոչ միայն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ,այլ՝ համայն մարդկութեան մէջ ստեղծեցին ժխտական եւ յոռի տպաւորութին, իսկ Ճեմալ Փաշայի, Թալեաթի, Էնվերի եւ անոնց մեղսակիցներուն անունները դարձան ոճրագործութեան խորհրդանիշ:
Երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չերչեան յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամը: