Քեսա՛պ, հայատրոփ սիրտ, հայկական զարկերակ:Մէկ տարի առաջ այս օրը Քեսապը գրաւուեցաւ.տեսանիւթ,լուսանկարներ

Մարտ 21-ին կը լրանայ Քեսապի գրաւման մէկ տարին: Ճիշդ մէկ տարի առաջ Սուրիո Քեսապ աւանը իր շրջակայ գիւղերով գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու կողմէն: Ամբողջ բնակիչներով ապաստանեցան Լաթաքիա եւ այլուր մինչեւ Քեսապի ազատագրումը: Թէեւ Մարտ 21-ը քեսապցիի յիշողութեան մէջ պիտի մնայ տխուր թուական մը, բայց եկէք երախտապարտ ըլլանք բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեաքի գնով արիաբար կռուեցան Քեսապի ազատագրութեան համար: Եւ մենք ուրախ ենք, որ այսօր Քեսապցին վերադարձած է իր բնակավայրը եւ վերականգնած է այն աւերները, որոնք պատճառեցին ահաբեկիչները: Թէեւ մեր տուները, եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները այրուեցան ու կողոպտուեցան, բայց հայը իր մէջ ուժ ունի աւերակ դարձածը վերականգնելու: Այս Տարի նաեւ կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:Կը յիշենք եւ կը պահանջենք, որ միջազգային ատեանները դատապարտեն մարդկութեան դէմ գործուած իրաքանչիւր ոճիր եւ ցեղասպանութիւն: Եւ կը պահանջենք Թուքիայէն՝ հատուցում տալ թէ մարդկային եւ թէ նիւթական մեր անհամար վնասներուն համար: Անշուշտ չենք մոռնար նաեւ մեր կորուստները եւ նահատակները: Աստուած իրենց հոգին լուսաւորէ եւ Քեսապին ու հայութեան խաղաղ ու բարգաւաճ օրեր տայ:

Այս առիթով ուրբաթ օրը՝ մարտ 20-ին, Այնճարի Ս. Ս.Պօղոս  Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Քեսապի տեղահանութեան առաջին տարելիցին նուիրուած մոմավառութիւն: Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիցագոյն Մայրիկը՝ Զուզան Քիլաղպեան պարգեւատրուեցաւ, Զմմառու «Ցաւագին Տիրամօր» Սրբանկարով:

Աղբիւրը Քեսապ Երիտասարդական միութիւն Ֆէյսպուքեան  էջից

qessssssq8qesdq12q11q10քեսաղq9q4q5q3q2qestqestrqestrrrqestrrrrrrrr

Իսկ ներկայացուող տեսանիւթը դիտելով կը կծանօթանաք, թէ ազնուաբարոյ քեսապցիները ինչպիսի կենցաղ ունին եւ ինչ աւանդոյթներով կ’ապրին: Անոնք կը պատմեն նաեւ դրախտավայր, զարմանահրաշ Քեսապի մասին:

Հ.Գ.-Յուսանք՝ դարձեալ հնարաւորութիւն կ’ունենանք ոտք դնելու բնութեան գողտրիկ անկիւնի՝ Միջերկրական ծովի ափին ծուարած երբեմնի Կիլիկեան Հայաստանի հողին՝ դարձեալ վայելելու քեսապցիներու ջերմ ու անկեղծ վերաբերումը:

 

Scroll Up