«Հայկական գաթա». Հերթական Փառատօնը Ջաւախքի Մէջ

Մարտ 11-ին` Մեծ պահքի Միջինքի օրը, Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան նախաձեռնութեամբ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 4-րդ անգամ իրականացուեցաւ «հայկական Գաթա» փառատօնը, որ իր շուրջ համախմբած էր Ջաւախք աշխարհի տիկնանց, ովքեր ամենայն սիրով ու ջերմութեամբ թխած էին միջինքի գաթաները: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը։

Փառատօնը մեկնարկեց Հանգստեան ժամերգութեան եւ գոհաբանական աղօթքի աւարտէն ետք:
Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանը խօսքով դիմեց հաւատաւոր ջաւախցիներուն. «արդէն աւանդական դարձած Միջինքի Գաթայի փառատօնը մեզ եւս մէկ անգամ համախմբած է Տիրոջ տան մէջ` նախեւառաջ աղօթքով եւ փառաբանութեամբ լեցնելու մեր հոգիները եւ այնուհետեւ` հոգեպարար ջերմութեամբ քրիստոնէավայել սիրով իրարու հետ կիսելու հայկական գաթայի համն ու բոյրը: Մեծագոյն օրհնութիւնը ոչ թէ գաթայի մէջէն մետաղադրամ գտնելն է, այլ իրարու սիրով հիւրասիրելու հայկական ու քրիստոնէական վեհ գաղափարները գտնելու հնարաւորութիւնն է: Այս փառատօնը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ վերագտնելու ազգային արժէքներն ու սովորոյթները` այդ ամէնը ի կատար ածելով միմիայն աստուածային օրհնութեան հայցմամբ»,- իր խօսքի մէջ նշեց Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանը:

Այնուհետեւ, Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի եւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի կողմէն օրհնուեցան բոլոր գաթաները, որմէ ետք հայկական տարազներով աղջիկները Եկեղեցւոյ բակի մէջ զայն մատուցեցին ներկաներուն:

Ջաւախքի կանայք առանձնայատուկ կերպով պատրաստուած էին ամենամեայ դարձած փառատօնին: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Ախալքալաքի տարածաշրջանի շուրջ 11 գիւղեր, 10-է աւելի կազմակերպութիւններ եւ 55 կանայք:

Տարուէտարի Փառատօնը կ’ընդարձակէ իր սահմանները` տարածուելով նաեւ գիւղերու մէջ:

Այն կանայք, որվքեր փառատօնին ներկայացած էին սեփական ձեռքերով թխած գաթաներով` նպաստելով հայկական մշակոյթի տարածման ու զարգացման, Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն վրդ. Սալբիյեանէն օրհնութեամբ ստացան պատուոգրեր: Արդէն չորս տարի շարունակ փառատօնին իր անգնահատելի ներդրումը կը բերէ «Վաչիան պարային համոյթի ղեկավար Նասլէթ Քեյեան: Այս տարի եւս նրա սաները իրենց ներկայութեամբ, երգով ու պարով ամբողջական ու ներկայանալի դարձուցին Փառատօնը: Փառատօնին ներկայ էին Ախալքալաքի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անդամները, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Աւանդութեան համաձայն` հին ժամանակ Միջինքի օրը նշանուած աղջիկ կամ տղայ ունեցող ընտանիքներու մէջ ձէթով բաղարջ կը թխուէր, մէջը հուլունք կամ դրամ կը դրուէր եւ կ’ուղարկուէր փոխադարձաբար փեսացուին կամ հարսնցուին, իսկ կտրելու ժամանակ հաւասար բաժին կը հանեն տան բոլոր անդամներուն: Ում բաժինի մէջէն ան դուրս գար, այդ տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւնը ապահովուած էր: Փառատօնը աւարտեցաւ, «սկիզբ» դնելով «մոռցուած» այս գեղեցիկ աւանդոյթին:

Scroll Up