Հայ ժողովուրդը միշտ կը յիշէ Ցեղասպանութիւնը .Լիբանանցի լրագրող

Հայ ժողովուրդը այն ժողովուրդն է, որ միշտ զգօն է եւ կը յիշէ ցեղասպանութեան մասին:
Այս մասին, այսօր` Մարտ 18-ին, Երեւանի մէջ «Արարատի ստորոտին» անուանումը կրող միջազգային լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովի ծիրէն ներս լրագրողներուն հետ զրոյցին նշած է Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Սէֆիր» թերթի լրագրողուհի Տոնիզ Աթալան, կը գրէ artsakhpress.am-ը:
Այս լիբանանցի լրագրողի առաջին այցն է Հայաստան: Տոնիզ պատմած է, որ կ’ապրի Լիբանանի մէջ, բայց հայերու ու Հայաստանի մասին շատ բան գիտէ: «Ես գիտեմ, թէ որքան կարեւոր է Ցեղասպանութեան հարցը լիբանանահայերուն համար»,-ընդգծած է ան:
Լիբանանահայերը թոյլ տուած են լրագրողուհիին շատ լաւ տպաւորութիւն կազմել հայ ժողովուրդին մասին: Ան յոյս յայտնած է, որ միջազգային լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ հերթական անգամ պիտի ապացուցէ, որ հայերը տէր են իրենց պահանջներուն: Տոնիզ Աթալան նաեւ աւելցուցած է, որ լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը գիտէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: