Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու «iwitness» Ցուցահանդէսին Մասին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի հովանաւորութեամբ:
Մէկ ամիս տեւող ցուցահանդէսի մեկնարկը պիտի կատարուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ, Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 5-8 կայանալիք արարողութեամբ մը, իսկ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 31։
«iwitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, իրարու կից եւ ոչ համաչափ լուսանկարչական յուշարձաններու վրայ եռաչափ պիտի պատկերուին Հայող Ցեղասպսանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները:
8-15 ոտքնոց յուշարձանները պիտի չունենան ուղիղ անկիւններ, խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ միշտ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան վտանգի մէջ է:
«Ցեղասպանութեան Ծրագիր»ի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող ցուցադրութեան ստեղծագործական վարիչն է Արա Օշական, որուն եւ Լեւոն Փարեանի լուսանկերները պիտի օգտագործուին։ Ծրագրին վարչական պատասխանատուութիւնները ստան- ձնած է ճարտարապետ Վահագն Թովմասեան:
«Ցեղասպանութեան Ծրագիր»ը, որ Արա Օշականի, Լեւոն Փարեանի եւ Կարէն Եղբայրեանի ջանքերով իրականացած էր 1990ականներու կէսերուն, մէկ կողմէ արձանագրած էր Հայոց Ցեղասպսնութենէն վերապրած ականատեսներու վկայութիւնները, իսկ միւս կողմէ հաւաքած էր անոնց լուսանկարները՝ Օշականի եւ Փարեանի ոսպնեակներուն միջոցաւ։
Լուսանկարչական յուշարձանները, որոնց պիտի ընկերանան նաեւ վերապրողին անունը, ծննդավայրը, ծննդեան թուականն ու անոր դիմագրաւածին մէկ տողնոց պատմութիւնը, պիտի զետեղուին «Միւզիք Սենթըր»ի եւ «Կրենտ» զբօսայգիի երեք տարբեր վայրերու մէջ, ուրկէ օրական միջին հաշուով 7000 հոգի կ՛անցնի, ներառեալ՝ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ։
Նաեւ, Ապրիլ 24-27ի երեկոները, ականատեսներու մինչեւ 100 ոտքնոց լուսանկարները պիտի ցուցադրուին Լոս Անճելըս գաւառին «Փաստաթուղթերու Սրահ»ի շէնքին պատին վրայ, Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութեանց կողքին։ Շրջանին մէջ նաեւ ծրագիրին յատուկ 150 պաստառներ պիտի կախուին։
Անթոնովիչ ստանձնած է ցուցադրավայրին տրամադրումը, ապահովութիւնը, հանրային յարաբերութեանց համար հարկաւոր նիւթերը եւ բացման արարողութեան հիւրընկալումը, իսկ «iwitness» ցուցահանդէսը մէջտեղ բերելու գումարը տրամադրած է Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեան հիմնարկը։ Ցուցահանդէսին հովանաւորողներէն մէկն է նաեւ Լուսի հիմնարկը որուն միջոցաւ պիտի կատարուին ծրագիրին նեցուկ կանգնիլ փափաքողներուն նուիրատուութիւնները, որպէսզի անոնք տուրքէ զերծ մնան։
Անոնք, որոնք կը փափաքին տուրքէ զերծ նուիրատուութիւն կատարել, իրենց նուէրը կրնան ղրկել «The Lucie Foundation»ին, նշելով՝ «iwitness Project 2015» ու յղելով՝ The Lucie Foundation / iwitness Project, 550 N. Larchmont Blvd, Suite 100, Los Angeles, CA 90004 հասցէին։
Կարելի է ուղղակի նուիրատուութիւն կատարել «Ցեղասպանութեան Ծրագիր»ին (ոչ տուրքէ զերծ), զայն ղրկելով՝ The Genocide Project, c/o Garen Yegparian, Treasurer, 310 E. Providencia Ave, #212, Burbank, CA 91502 հասցէին։

Այս մասին յատնած է Ազպարեզ:

Scroll Up