Չեխ պատգամաւոր. Ճիշդ բառ գործածէք` Հայոց ցեղասպանութիւն

Հարկաւոր է ճիշդ բառեր գործածել եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչել: Այս մասին Մարտ 17-ին Երեւանի մէջ Եւրոնեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի ժամանակ յայտարարեց Չեխիայէն Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Եարոմիր Շտետինան: Ան նշեց, որ վերջերս Ռուանտա  այցելած է, ուր մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութեան ճանաչման հրամայականը առաւել սուր կը զգացուի: Շտետինան նաեւ աւելցուց, որ Ռուանտայի մէջ ցեղասպանութեան կամ Հոլոքոստին մէկ հայեացք նետելն անգամ բաւարար է` հասկնալու համար, թէ որքան անհրաժեշտ է անյապաղ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Եթէ կը ցանկանք ապագային կանխել ցեղասպանութիւններն ու ցեղային զտումները, ապա եկէք ճիշդ բառեր գործածենք. Հայոց ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն  եղած է»,- ամփոփեց չեխ պատգամաւորը:

News.am

Scroll Up