Հայերը «Ալնաճաֆ» սրբավայրին մէջ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք երկրորդ անգամ չկրկնուելու համար»

Իրաքցի արաբ գրող եւ ակադեմիկոս` դոկտ. Սաատ Սալլում իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ  կը գրէ, «Իսկապէս հոգեկան ուղեւորութիւն մըն էր, այսպիսի այցելութիւններ առիթ կու տան, որ միտքերը ծառայեն սրտերուն.. Աստուածաբանական երկխօսութիւնը հայոց թեմի առաջնորդ Աւաք արք. Ասատութեանի եւ Ալնաճաֆ սրբավայրի  բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ ձգեց , որ այս հանդիպումը ըլլայ ամենամեծ արկածախնդրութիւնը կեանքիս վերջին տարիներուն ընթացքին: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ը կը տեղեկանայ գրողի էջէն։

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Միջկրօնական երկխօսութեան բաժինի տնօրէն` «Հասան Նատըմ» ընծայեց մեզ մեծ եւ անկրկնելի առիթ, որ ցեղասպանութեան ոգեկոչումը դառնայ վերյիշման ստեղծագործական ուժի:

Ինչպէս կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը դառնալ առիթ վերանայելու մեր մտածելակերպի եւ դաստիարակչական գործելաոճին, որ կարենանք ստեղծել նոր դաշինք մը «Զոհերու դաշինք» դիմագրաւելու մեր երկիրը բաժան-բաժան ընելու միջազգային շահերէն:

Մենք կը «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», որ  այդ չկրկնուի ուրիշ ժողովուդրներու հետ:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 15-ին Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` Պրն. Մելքոն Մելքոնեան այցելեցին շիաներու Ալնաճաֆ սրբավայրը, ուր շահեկան հանդիպումներ ունեցան սրբավայրին մէջ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ:

Scroll Up