ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հանդիպումները Շուէտի մէջ
Հոկտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ Շուէտի խորհրդարանի (Ռիկստագ) փոխխօսնակ Իսապէլ Տինկիզեանի հետ: Նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տինկիզեանին Շուէտի մէջ հայ համայնքը լաւագոյնս ներկայացնելու եւ երիտասարդ հայորդիներու համար սփիւռքահայ քաղաքական գործիչի փայլուն օրինակ հանդիսանալուն համար: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու եւ Շուէտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ զգալի աւանդի համար Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան փոխխօսնակ Տինկիզեանին պարգեւատրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ յուշամետալով:
Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի հանդիպումը Սեոտերթելիէի քաղաքապետ Պոել Կոտների հետ: Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ քաղաքային իշխանութիւններու ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սեոդերթելիէի քաղաքապետարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսի կազմակերպման համար: Իր հերթին քաղաքապետ Կոտներ բարձր գնահատեց հայութեան մասնակցութիւնը Սեոտերթելիէի հասարակական կեանքին: Միտքեր փոխանակուեցան Սեոտերթելիէի հայութեան յուզող հարցերու շուրջ:
Երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ նախարար Յակոբեան հանդիպեցաւ Սթոքհոլմի հայ համայնքին հետ: Ան ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդի մարտահրաւէրները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հիմնական ձեռնարկները եւ ընթացիկ արդիւնքները, պատասխանեց համայնքը յուզող հարցերուն:
Հանդիպման ներկայ էին Շուէտի մէջ ապաստանած բազմաթիւ սուրիահայեր, որոնք նախարարին ներկայացուցին իրենց խնդիրները եւ ատոնց լուծման հնարաւորութիւնները: Հանդիպման աւարտին նախարար Յակոբեան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Շուէտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ներդրած աւանդի, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման համար մետալներով եւ շնորհակալագիրներով պարգեւատրեց շուէտահայ համայնքի շարք մը գործիչներու: