«Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագիրով ցուցահանդէսը ներկայացուած է Արցախի մէջ (տեսանիւթ)

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ «սուրիահայերու հիմնախնդիրը համակարգող կեդրոն»ՀԿ-ն Փետրուար 18-28 Երեւանի մէջ կազմակերպած են «Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած «Սարեան» ակադեմիայի հիմնադրման 60-ամեակին:
ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր, երգչուհի Շուշան Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ` Մարտ 16-ին սուրիահայ փոքրիկներու ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են նաեւ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան աստեղծագործական կեդրոնի մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կազմակերպուող այս ցուցադրութիւնը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը վառ պահելուն ուղղուած եւս մէկ ձեռնարկ է: «Պէտք է անպայման մեր երեխաները իմանան, յիշեն եւ պահանջեն, որ այլեւս այդպիսի բաներ չլինեն»,-խօսելով Ցեղասպանութեան մասին` կը նշէ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան աստեղծագործական կեդրոն ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լիւդմիլա Բարսեղեանը, որ հիւրերուն ներկայացուց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը:
Ցանկութիւնս է, որ երեխաներու նկարներու տրամադրութիւնը եւ երանգները փոխուին, որ իրենք ականատեսը ըլլան իրենց երկրորդ հայրենիքի յաղթանակին: Սուրիահայ երեխաներու նկարչական աշխատանքները անշուշտ մտորելու տեղիք կու տան, ուժ կը հաղորդեն մեր երեխաներուն»,- համոզուած է ՀՀ վաստակաւոր արտիստ ԱԺ պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթի մէջ: