Եւրոնեսթ ԽՎ-ի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը

Մարտ 17-ին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում եւ քննարկում հայկական եւ Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւններուն միջեւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ  ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան լրատուական ծառայութիւնը: Այս մասին կը գրէ Tert.am-ը:

Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը խորհրդարանական համաժողով է, որ նպատակ ունի նպաստել Եւրոմիութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի գործընկերներուն հետ քաղաքական ընկերակցութեան եւ խորացնել տնտեսական ընդելուզումը:

Եւրոնեսթը կը փորձէ նպաստել Արեւելեան գործընկերութեան ամրապնդման, զարգացման ու տեսանելիութեան, իբրեւ  հաստատութիւն մը, որ պատասխանատու է խորհրդարանական խորհրդատուութեան, վերահսկողութեան եւ կառավարման համար:

ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան ներկայացուց կուսակցութեան պատմութիւնը, գործունէութիւնը եւ ներկայիս քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը: Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ է Մարտ 15-էն եւ հանդիպումներ  ունեցած է երկրի ազդեցիկ քաղաքական գործիչներուն հետ:

Scroll Up