«Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ» միաւորումը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի առնչութեամբ սոցիալ­ դեմոկրատական կուսակցութիւններու «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ» (ՍԻ) միջազգային միաւորումը կը պատրաստուի քննարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ասպարէզ» պարբերականը, այս մասին որոշումը «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ»­ի խորհուրդը կայացուցած է Յուլիս 6-­ին ՄԱԿ­ի Նիւ-եորքեան գրասենեակին մէջ կայացած ժողովին ժամանակ: ՍԻ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան տեղեկացուցած է խորհուրդին, որ վերջին 2 օրը ՍԻ ղեկավարութիւնը խորհրդակցած է միաւորման Հայաստանի (Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն) եւ Թուրքիոյ (Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւն) անդամ կուսակցութիւններուն հետ` համաձայնութեան գալու համար Ժնեւեան հանդիպման ժամանակ սահմանուած օրակարգի շուրջ, այն է` «Սոցիալիստական միջազգային դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի շուրջ` դիտարկելով ատոր ճանաչումը  քանի մը ազգային խորհրդարաններու եւ գերազգային կազմակերպութիւններու կողմէ»:

Այալայի տեղեկացմամբ` միաւորումը յաջողած է համաձայնութիւն ձեռք բերել հարցի շուրջ: «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ»ը  կը ցանկայ կազմակերպել լսումներ կամ կլոր սեղան­ քննարկումներ ՀՅԴ-­ի եւ ՀԺՊ-­ի մասնակցութեամբ հետեւեալ հարցի շուրջ` «Արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հնարաւորութիւն կու տայ հայ- թրքական իրական հաշտեցման համար»:

Scroll Up