Սպանական Պեթերա քաղաքը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/betera-new.jpg)
Սպանիոյ Պեթերա քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը յայտնէ Armeniangenocide100.org-ը:
Որոշման մէջ կը նշուի, որ 1915-1921թթ, յատկապէս երիտթուրքերու կարգի ընթացքին, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի կոտորածներու եւ տեղահանումներու շարք մը, որուն ժամանակ զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, եւս 2 միլիոն ստիպուած եղան լքել իրենց բնակավայրերը եւ ապաստան գտնել ամբողջ աշխարհի մէջ` ստեղծելով հայկական սփիւռքը:
Պեթերայի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, որ կատարուեցան ատոր ընթացքին: