Յունիս 17-23 Մարսէլի Մէջ Կայացաւ Ֆրանս-Հայկական Գերազանցութեան Շաբաթը
Յունիս 19-ին Ժընեւի մէջ «Միգրացիայի շուրջ միջազգային երկխօսութեան (ՄՄԵ)» ծիրէն ներս Սփիւռքի հարցերով նախարարական համաժողովին մասնակցելէն ետք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնած է Մարսէլ` մասնակցելու յունիս 17–էն մեկնարկած «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ»-ին: «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ»-ը կազմակերպած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, «Terre d` Armenie» կազմակերպութիւնը: Այն տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Մարսէլ քաղաքին մէջ: Ձեռնարկները կ’իրականացուին Մարսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքեշի մասնակցութեամբ եւ Մարսէլի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ: «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ»-ի կազմակերպման աջակցած են Ֆրանսայի տասնեակէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, ֆրանսական եւ հայկական լրատուամիջոցներ:
Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ գտնուած է նաեւ Ֆրանսական երիտասարդներու միութեան /ԺԱՖ-ի/ երգի եւ պարի խումբերու համերգին: Համերգի աւարտին տիկին Յակոբեան հանդէս եկած է ելոյթով եւ ընդգծած հայապահպանութեան հարցին սփիւռքի մշակութային կեդրոններու գործունէութեան կարեւորութիւնը: Նախարարը մայրենի լեզուի պահպանման ու տարածման, սփիւռքահայ երիտասարդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին ունեցած աւանդի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալներ շնորհած է Ֆրանսահայ երիտասարդներու միութեան ուսուցիչներ Էմմա Մարտիրոսեանին, Միքայէլ Վէմեանին եւ Մարիոն Շամասեանին: