Բժշկական օգնութիւն Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներուն

ՀՀ առողջապահութեան նախարարին կից խորհուրդի անդամներու մասնակցութեամբ հրաւիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին որոշում  կայացուած է Հայաստանի տարածքին մէջ բնակող 1915թ. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներուն բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման հարցով աջակցելու նպատակով ձեւաւորել յանձնաժողով:

Յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գագիկ Միրիջանեանի գլխաւորած բժշկական խումբը Մարտ 10-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան երեւանաբնակ ականատես-վերապրողներուն:

Կատարուած են անհրաժեշտ բժշկական հետազօտութիւններ մասնաւորապէս` ներքին մասերու  ուլտրաձայնային հետազօտութիւն, էլեկտրասրտագրութիւն, ինչպէս նաեւ արեան ընդհանուր եւ պիոքիմիական հետազօտութիւն:

Հետազօտութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ ականատես-վերապրողներուն բժշկական անձնագիրներ պիտի ստեղծուին: Բժշկական օգնութեան կարիք ունեցողները Երեւանի մէջ պիտի գտնուին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական, իսկ մարզերու մէջ` մարզային բժշկական կեդրոններու մասնագէտներու մշտական հսկողութեան ներքոյ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալներու, խորհրդականներու, առանձնացուած եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, ինչպէս նաեւ «Առողջապահութեան կազմակերպիչներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ Երեւանի  եւ մարզերու մէջ վերոնշեալ սոցիալական խումբին մէջ ներգրաւուած անձիք պիտի ստանան անհրաժեշտ շարունակական բժշկական օգնութիւն, պիտի կազմակերպուին մասնագէտներու
համայցեր:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներու առողջական խնդիրներու լուծման ուղղուած ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան ծրագիրը հայկական ակնաբուժական նախագիծի աջակցութեամբ մեկնարկած էր դեռ 2014թ.:

2015թ. Փետրուարի սկիզբը ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրող, 102-ամեայ Սիլվարդ Ատաջեանի ոսկրաբեկորներու տեղաշարժով աջ ազդոսկրի վզիկի փակ կոտրուածքի վիրահատութիւնը կատարուած է պետական պատուէրի ծիրին մէջ: Յանձնաժողովային
կարգով որոշում  կայացուած էր աջակցիլ եւ պետութեան կողմէ երաշխաւորուած բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման ծիրէն ներս կատարել վիրահատութիւնը:

Սոցիալական պատասխանատուութեան բարձրացման միտուած այս նախաձեռութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ եւ յառաջիկային պիտի ստեղծուի նաեւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններուն անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում ցուցաբերելու յանձնաժողով:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կայք-էջէն:

Scroll Up