Թուրքերը հայերէն դասագիրքերը կ’օգտագործէին շուկայի մէջ` պանիր փաթթելու համար
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողան իր ելոյթին մէջ ԻՇԻՊ-ի կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իսլամական մշակոյթի գիրքերու ոչնչացումը որակած է «Ցեղասպանութեան փորձ» եւ «Մշակութային կոտորած», յիշած նաեւ 15-րդ դարուն Սպանիոյ մէջ ոչնչացուած մուսուլմանական ժանագութիւնը, սակայն չէ անդրադարձած ներկայիս Թուրքիոյ հողերուն վրայ իրագործուած մշակութային ցեղասպանութեան. Կը գրէ «Ակօս»-ը: Էրտողան Կ.Պոլսոյ մէջ` «Թոփհան»-ի Ամիրէ»-ի մէջ, դասական արուեստի ցուցահանդէսի բացման ժամանակ խօսած է մշակութային ցեղասպանութեան մասին: «Չնայած անցեալին տեղի ունեցած մշակութային կոտորածներուն, ցեղասպանութեան փորձերուն, ստացած վէրքերուն` յաջողած է պահպանել մեր քաղաքակրթութիւնը: Աստուած տայ` Սուրիոյ, Իրաքի եւ մեր քաղաքակրթութեան տարածաշրջանի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ այրած, քանդուած եւ գզրոցներու մէջ անմեղօրէն պահուած, փոշոտ գիրքերու հիման վրայ շարունակենք մեր զարգացումն ու յառաջընթացը»,- ըսած է ան:
Նշելով, որ ելոյթի ընթացքին Էրտողան ընդհանրապէս չէ անդրադարձած 1915 թուականին ոչնչացուած հայկական մշակոյթին, «Ակօս»-ը մէջբերած է արաբ ականատեսներէն մէկուն` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ պաշտօնեայ Ֆայեզ էլ Հուսէյնի` մշակութային ցեղասպանութեան մասին խօսքը. «Հայերու կոտորածէն յետոյ, կառավարութիւնը յատուկ յանձնախումբ ստեղծելով, սկսած է գիւղերու վաճառքի գործընթացը: Հայերու մշակութային հարստութիւնները յանուն ոչինչի կը վաճառուէին: Անգամ մը ականատես եղայ այդ վաճառքներէն մէկուն` եկեղեցւոյ մէջ: Փակած էին հայկական դպրոցներու դռները, ու հայերէն դասագիրքերը թուրքերը կ’օգտագործէին շուկայի մէջ` պանիր, արմաւ, արեւածաղիկ փաթթելու համար»: