«Հայերէնը Սաներուս Մէջ Ջերմ Յիշողութիւններ Կ’արթնցնէ»․ Ա Յովհաննիսեան

Մարտ 1-ին Մայրենի լեզուի միամսեակի փակման Ալվինա Յովհաննիսեանի ղեկավարած նախապատրաստական դա

սարանի սաները ներկայացան «Ես հայ եմ, իմ հայրենիքը Հայաստանն է» գեղեցիկ դաս-ձեռնարկին, որուն ընթացքին հնչեցին հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, երգեր: Փոքրիկ սաներն իրենց կատարումներով ջերմութիւն փոխանցեցին ներկաներուն եւ հաւատացուցին, որ, յաճախելով «Հայորդաց տուն», անոնք կը դառնան հայերէնի կրողն ու կիրառողը: Իսկ պարուսոյց, «Վարդավառ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար  Մարգարիտա Գրիգորեանի նոյն սաներուն հետ բեմադրած Քոչարին եւ համոյթի սաներու ելոյթները եկան հաւաստելու, որ հայն ու հայկականութիւնը այս սաներուն մէջ յաւէտ պիտի ապրին:

Ձեռնարկը ալ աւելի գեղեցկացուցին մանուկներու շրթունքներէն հնչող երգերը, որ անոնք ներկայացուցին մեծ ոգեւորուածութեամբ եւ նուիրումով, իսկ այդ ամէնուն մէջ իր անուրանալի աւանդը ունի «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեան:

Ծրագիրին մէջ  Ալվինա Յովհաննիսեան ընդգրկած էր նաեւ մանկական աղօթքներ, որոնք անոնց դասի անբաժան մասը կը կազմեն: Ատիկա կը նշանակէ, որ անգամ տարիներ ետք այսօրուան փոքրիկները Հայր մերը պիտի շշնջան հայերէն:

«Բանաստեղծութիւնները, երգերը, որոնք դուք լսեցիք այս սաներու շրթունքներէն, անոնց առօրեայէն մաս կը կազմեն, հետեւաբար, առօրեայ կը դառնայ նաեւ հայերէնը: Անոնք սիրով կը կատարեն հայերէն երգերը, որոնք անոնց մէջ ջերմ յիշողութիւններ կ’արթնցնեն: Օրինակ մը բերեմ, վերջերս սաները կը կատարէին «Իմ պապիկի Հայաստան» երգը: Սակայն սաներէն մէկը դէմքը թեքած էր միւսներէն եւ կու լար, երբ փորձեցինք պարզել, թէ ինչ  պատահած է, ըսաւ, որ իր Հայաստանի մեծմօր յիշած է: Կը կարծեմ սա մեկնաբանելու կարիք չունի, այլ հերթական անգամ կը փաստէ, որ «Հայորդաց տունը» փոքրիկ Հայաստան է եւ կապող օղակն է հայրենիքին»,-ըսաւ Ալվինա Յովհաննիսեան:

Ձեռնարկին  աւարտին կրթօճախի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Սուետլանա Միքայէլեան, դիմելով ներկաներուն, ըսաւ․ «Այս  սաներն իրենց գեղեցիկ կատարումներով ցոյց տուին, որ հայերէնը չի կրնար մեռնիլ, որ այն իւրաքանչիւր հայու մէջ է եւ մէկ կայծն անգամ բաւական է, որպէսզի այն «բռնկուի» եւ հայը դառնայ լեզուի կրողը: Նման դաս-ձեռնարկները կը փաստեն, որ  «Հայորդաց տունը» հէնց այդ կայծն է, առանց որուն հայերէնը օտար հողի վրայ գոյութիւն չունենար»: 

Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա

 Մոսկվա Մոսկվա1 Մոսկվա3 մոսկվա4 Մոսկվա5 Մոսկվա6

Scroll Up