Բակo Սահակեան Պետական Պարգեւներ Յանձնած Է Սփիւռքահայ Եւ Ամերիկացի Հասարակական Ու Քաղաքական Գործիչներուն
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 26-ին այցելած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն, ուր տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահը ԼՂՀ պետական պարգեւներ յանձնած է սփիւռքահայ եւ ամերիկացի խումբ մը հասարակական ու քաղաքական գործիչներու, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի եւ Ծերակոյտի կողմէ Արցախի անկախութեան մասին բանաձեւի ընդունման սատարելու համար:
Երկրի ղեկավարը ԱՄՆ ամենահզօր նահանգի` Քալիֆորնիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը համարած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, քաղաքակիրթ, ժողովրդավարական պետութեան կառուցման գործընթացին սատարելու իւրայատուկ քաղաքական, իրաւական ու բարոյական ուղերձ: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ սա շօշափելի յաղթանակ է, որ կերտուած է համատեղ ուժերով` Հայաստանի-Արցախի-Սփիւռքի անսասան եռամիասնութեամբ եւ մեր ամերիկացի գործընկերներու անշահախնդիր ու ամուր բարեկամութեան շնորհիւ:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարկիսովը, պաշտօնատար այլ անձիք եւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: