Կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Համակարգող Վրաստանի Յանձնախումբի Նիստը

Այս մասին  կը տեղեկացնէ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը, 2015 թուականի Մարտ 2-ին, Թիֆլիսի մէջ, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային Վրաստանի յանձնախումբի հերթական նիստը` ընդլայնուած կազմով:
Նիստի աշխատանքը իր ներկայութեամբ պատուած էր Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Եուրի Վարդանեան:
Ընդլայնուած նիստը բացաւ յանձնախումբի նախագահ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան: Սրբազան Հայրը յանձնախումբի անունէն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Եուրի Վարդանեանին եւ դեսպանատան ողջ անձնակազմին շնորհաւորեց դիւանագէտի օրուան առթիւ:
Յանձնախումբը քննարկեց ապրիլեան ձեռնարկները մայր հայրենիքի եւ Վրաստանի մէջ, յառաջիկայ ընելիքները Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին ծրագրուած  ձեռնարկները Թիֆլիսի եւ հայաբնակ շրջաններուն մէջ անհրաժեշտ պարագաներով ապահովելու հարցը:
Յանձնախումբի նախագահը յստակ ժամանակացոյցով ներկայացուց Վրաստանի, քոյր եկեղեցիներուն մէջ տիեզերական աղօթքի եւ յիշատակի երեկոներու իրականացումը, հայաբնակ շրջաններուն մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին խաչքարերու օծումը:
Կազմակերպուող ձեռնարկներու շարքին մէջ դասուեցան նաեւ Պետրոս Ադամեանի անուան հայ պետական տրամադիկական թատրոնի բեմադրութեամբ Յիշատակի երեկոն, տեղերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, Մեծ Եղեռնի զոհ մտաւորականներու յիշատակին մոմավառութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Վրաստան» թերթի յատուկ համարի հայերէն եւ վրացերէն հրատարակումը: Առաջարկուեցաւ Թիֆլիսի մէջ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ կազմակերպել 100 տնկիներու ծառատունկ:
Խօսուեցաւ նաեւ այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական ձեռնարկներու առանցքային գաղափարաբանութիւնը պիտի հանդիսանայ.
ա. Յիշողութիւն, հատուցում, դատապարտում,
բ. Երախտագիտութիւն այն պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ապաստանեցան
փրկուած հայութեան, եւ այն միջազգային կազմակերպութիւններուն ու երկիրներուն, որոնք
դատապարտեցին թրքական ոճրագործութիւնը,
գ. Պարտաւորութիւն` հանդէպ սուրբ նահատակներու,
դ . Վերածնունդ Մայր Հայրենիքի ու Արցախի եւ համահայկական ձեռքբերումներու:
Յառաջիկային համացանցի վրայ պիտի տեղադրուի Թիֆլիսի  եւ շրջաններուն մէջ իրականացուելիք ձեռնարկներու ճշգրտուած ժամանակացոյցը:
Նիստի աշխատանքը ամփոփեց Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան, կարեւոր համարելով յիշատակի ձեռնարկներու լայնամասշտաբ եւ ընդգրկուն իրականացումը:
Վրաստանի յանձնախումբի յաջորդ նիստը կ’իրականացուի Մարտ 23-ին, Ջաւախքի մէջ:

vrs3

Scroll Up