Գամիշլիի Մէջ Ցեղասպանութեան 100է-րդ Տարելիցի Պաշտօնական Բացումը (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/kamishli.jpg)
Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Գամիշլի պրջանի մէջ Շաբաթ 21Փետրուար 2015, երեկոյան ժամը 6-ին, Ս.Յակոբ Եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-րդ պաշտօնական բացումը՝ հոգեհանգիստեան արարողութեամբ: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը յայտնեն Գամիշլիի մեր աղբիւրները։
Ապա ընթերցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Հռչակագիրը (Հայերէն եւ Արաբերէն) լեզուներով: Ապա ըթերցուեցաւ Ճէզիրէի կեդրոնական յանձնախումբի յայտարարութիւնը։
Գերպ. Տ. Փառէն Ծ.Վարդապետ Վարդանեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ պատին դրուած ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառի բացումը: