Ստեփանակերտի Մէջ Յարգած Են Սումկայիթեան Ջարդերու Անմեղ Զոհերու Յիշատակը (լուսանկարներ)
Այսօր, վաղ առաւօտէն հարիւրաւոր մարդիկ կը քայլեն դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 27 տարի առաջ Սումկայիթ քաղաքին մէջ ազերիներու կողմէ իրականացուած ոճրագործութեան հետեւանքով զոհուած անմեղ զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress-ը:
Առաւօտեան յուշահամալիր այցելեցին նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական այրեր, ինչպէս նաեւ պետական, հասարակական ու կրթական կառոյցներու անձնակազմեր ու Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ հիւրեր, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ տեղադրեցին սումկայիթեան ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերաժացնող յուշաքարին: Ի յիշատակ սումկայիթեան ջարդերու անմեղ զոհերու` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուեցաւ: