«Կեանքի Ծաղիկ»` Անմոռուկ. Ընդամէնը 500 Դրամ Նուիրատուութեամբ Կարելի Է Կեանք Տալ Նոր Հայու Մը

Փետրուար 25-ին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ տրուեցաւ բարեգործական ծրագիրի մը մեկնարկը: «Կեանքի ծաղիկ» ծրագիրի նպատակն է օգնութիւն ցուցաբերել մայրանալու խնդիր ունեցող ընտանիքներուն` «Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամի միջոցով: Համահայկական նախաձեռնութեան միանալու համար փափաքողները կրնան այցելել flowersoflife.am կայքը եւ գնել ընդամէնը 500 դրամ արժողութեամբ «Կեանքի ծաղիկը»` Անմոռուկը: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress-ը:

«Կեանքի ծաղիկ» ծրագիրի հեղինակ-ղեկավար Քրիստինա Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուց իր պատմութիւնը, որ դարձած է ծրագիրը նախաձեռնելու իւրայատուկ շարժառիթ: Անոր խօսքով`Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դէմ պէտք է պայքարիլ գործնական քայլերով ու կեանք տալ մեծ թիւով հայերու` ի յիշատակ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն: «Ես առողջական խնդիր  ունեցած եմ տարիներ առաջ ու հնարաւոր էր երբեք երեխայ չունենայի, ես զգացած եմ այդ դժուար ժամանակը, երբ հոգիի ու սրտի դատարկութիւնը հնարաւոր չէր ոչ մէկ բանով լրացնել: Բարեբախտաբար, այսօր ունիմ երեք զաւակ եւ ատոր համար  շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ: Այս էր պատճառը, որ մօտս յառաջացաւ այս ծրագրը իրականացնելու գաղափարը, որ պիտի օգնէ ու երեխայ ունենալու բերկրանք  պարգեւէ վերատադրողական խնդիրներ ունեցող անապահով ընտանիքներուն»,- ըսաւ Քրիստինա Յարութիւնեան:

Երբ դիմած է «Արագիլ» հիմնադրամին, արձագանքը չէ ուշացած, իսկ արդիւնքը կրնայ շօշափելի ըլլալ, եթէ աշխարհի բոլոր հայերը, գործարարներն ու կազմակերպութիւնները համախմբուին «Կեանք տուր նոր հայու» կարգախօսի շուրջ: Ծրագիրի կազմակերպիչները նշաձող  սահմանած են 15 միլիոն «Կեանքի ծաղիկ» վաճառել, որով բժշկական օգնութեան հնարաւորութիւն կը ստանայ վերարտադրողական խնդիր ունեցող 6000 հազար հայ ընտանիք:

«Արագիլ» հիմնադրամի տնօրէն Սուսսաննա Գաբրիէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանին, քանի որ առանց անոր աջակցութեան հնարաւոր չէր ըլլար ծրագիրը կեանքի կոչելու:

Սուսաննա Գաբրիէլեան ներկայացուց «Արագիլ» հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնքները: «1242 զոյգ դիմած է ծրագիրին, որոնցմէ 442-ը ստացած է ուղեգիր այս կամ այն բժշկական հաստատութիւններ: 224 զոյգի մօտ բժշկական միջամտութիւնը արդէն աւարտած է, 112 յղիութիւն  գրանցուած է: 61 կին ծննդաբերած է, որուն արդիւնքով ծնած է 82 երեխայ, 26 զոյգ այս պահուն կը սպասէ երեխայի, իսկ 25 զոյգի մօտ չեն յաջողած պահպանել յղիութիւնը»,-տեղեկացուց Սուսաննա Գաբրիէլեան:

Մէկ զոյգի համար միջին ծախսը 4-5 հազար ԱՄՆ տոլարի համարժէք դրամ է: Մանկաբարձ-կնոջաբան, Վերարտադրողական բժշկութեան հայկական միութեան փոխնախագահ Կարինէ Թոխունց բոլորին կոչ ուղղեց միանալու ծրագիրին ու գնել մէկ Անմոռուկ, որուն շնորհիւ պիտի ծնին հայ մանուկներ: Ծրագիրի կազմակերպիչներու խօսքով` արդէն կան կազմակերպութիւններ, որոնք միացած են բարեգործական ձեռնարկին:

«Կեանքի ծաղիկ» բարեգործական ծրագիրը պիտի տեւէ մինչեւ Ապրիլ 24:

 

Scroll Up