Այսօր Գիրք Նուիրելու Օրն Է
Փետրուար 19-ը` հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, արդէն քանի մը տարի Հայաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ գիրք նուիրելու օր: Ըստ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի` գիրք նուիրելը ճանապարհ է, որ կը մօտեցնէ մարդուն գիրքին: Tert.am-ի հետ զրոյցին վերջինս նաեւ նշեց, որ գիրք նուիրելու մշակոյթը տարածելէն առաւել կարեւոր է, որ մարդիկ սորվին գիրք
գնել:
«Մենք այսօր պէտք է բարձրացնենք գիրքի արժէքը, որ մարդիկ ոչ միայն այս օրը իրար գիրք նուիրեն, այլ նաեւ անձնական առիթներու ժամանակ, չէ՞ որ հրաշալի գիրքեր կան: Իսկ թէ ինչու՞ չեն նուիրեր, որովհետեւ ամէն ինչն ունի իր դարաշրջանը, եւ գիրքը կարծէս նորոյթէ դուրս է: Ժամանակ մը շատ-շատերը գիրք կը գնէին: Ճիշդ է, որ բոլորը չէին կարդար ու կ’ըսէինք, թէ կարծէս գիրքը տան կահոյքի մաս ըլլայ, բայց գիրքի արժէքը գիտէին, գիտէին, որ երեխաները յետոյ կը կարդան»,– ըսաւ ան:
Հարցին, թէ համաձայն է այն կարծիքին հետ, որ գիրքերը թանկ են ու սոցիալական խնդիրներ ունեցող մեր երկրին մէջ մարդիկ հնարաւորութիւն չունին գիրքին գումար յատկացնելու, ան պատասխանեց. «Սոցիալական խնդիր, անշուշտ, կայ, որովհետեւ արժան հաճոյք չէ, բայց ամէն պարագայի ատիկա յաղթահարելի է, եթէ իրօք գիրքին նուիրուած մարդ ես»:
Անդրադառնալով հայ ընթերցասէր հասարակութեան նախասիրութիւններուն` Դաւիթ Գասպարեան նշեց, որ այսօր մարդոց կը հետաքրքրեն պատմակենսագրական գիրքերը:
«Կը նախընտրեն այն գիրքերը, որոնց մէջ կայ իրական պատմութիւն, մարդու կենսագրութիւն»,- ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ինքն արդէն երէկուընէ սկսած է գիրքեր նուիրել:
Գրող, հրապարակախօս Մերուժան Տէր-Գուլանեան նշեց, որ երբ ստեղծուեցաւ ռատիոն բոլորը կ’ըսէին, թէ այլեւս գիրք կարդացող չըլլար, յետագային երբ ստեղծուեցաւ հեռուստատեսութիւնը, բոլորը կ’ըսէին` այլեւս ռատիօ լսող ու գիրք կարդացող չըլլար, իսկ երբ ստեղծուեցաւ համացանցը, կ’ըսէին, թէ որեւէ բան չըլլար, բացի համացանցէն, բայց կեանքը այլ բան ապացուցեց:
«Անշուշտ գիրք կարդացողը կայ նաեւ այսօր, ուղղակի պէտք է լաւ գրել, հետաքրքիր գիրք պէտք է գրել: Անհնար է, որ մարդը կտրուի կարդալէն. քանի դեռ մարդը կայ, գիրքը կը մնայ: Գիրքը յաւերժական է: Մենք այսօր պէտք է վերակենդանացնենք գիրք գնելու մշակոյթը»,- ըսաւ ան:
Հարցին, թէ այսօր մարդիկ չեն ափսոսար գիրքին գումար տալու` հաշուի առնելով համացանցի առկայութիւնը, ան պատասխանեց. «Այդ խնդիրը կայ, համացանցը իր դերը ունեցաւ, բայց ասկէ 5 տարի առաջ ես Վերնիսաժէն Ճէք Լոնտոնի 12 հատորները թոռնիկիս համար գնեցի ու գիտէ՞ք որքանով, 5000 դրամով: Այսօր առնուազն 30 հազար արժեն 12 հատորները: Պատճառն այն է, որ գիրք ուզողները շատցած են»:
Մերուժան Տէր-Գուլանեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ իրարու գիրք նուիրելու մշակոյթը աւելի լայն տարածում պիտի գտնէ. «Կը սորվին, ամէն նոր բան կը սկսի քիչով, պէտք է մէկս միւսին վարակենք»: