Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Իրաւական Թղթածրարը Պատրաստ Է

Ժընեւի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է յատուկ յանձնախումբի վերջին նիստը, ուր քննարկուած է կաթողիկոսարանին կողմէ Սիսի Հայոց կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուելիք թղթածրարի վերջնական տարբերակը:
ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով «Cilicia tv»ն, մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող երկու տարուան ընթացքին հանդիպումներ իրականացուցած է` պատրաստելու համար Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով կազմուած դատական թղթածրարը:
Յիշեալ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը ստացած է եւ մօտ օրերս պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Սիսի հայոց կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջելու եւ Թուրքիոյ ՍԴ դիմելու մտադրութեան մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսն առաջին անգամ յայտարարած է «Հայաստան Սփիւռք» համահայկական 5րդ համաժողովի բացման:
«Եթէ դատը շահինք, պատիւը եւ յաղթանակը կ’երթայ մեր ժողովրդին, մեր հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ: Իսկ եթէ դատը պարտուինք, դարձեալ յաղթանակած կ’ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային հանրութեան գործնականօրէն յիշեցուցած կ’ըլլանք, որ հայ ժողովուրդը պահանջատէր է իր իրաւունքներուն` անկախ անկէ, թէ քանի տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն», ըսած է ան: Յետագային կաթողիկոսը իր հարցազրոյցներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ բազմիցս նշած է, որ իրենց վերջնական նպատակը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հարցի բարձրացումն է, քանի որ վստահ են, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը պիտի մերժէ հայցը: Հայոց կաթողիկոսութեան նստավայրը 1293-1441-ին եղած է Կիլիկեան Հայաստանի Սիս մայրաքաղաքին մէջ: 1292-ին, երբ Եգիպտոսի մամլուքները գրաւած են Հռոմկլան, թալանած ու
աւերած են Հռոմկլայի կաթողիկոսարանը, գերած Հայոց կաթողիկոս Ստեփանոս Դ հռոմկլայեցին եւ տարած Գահիրէ, Գրիգոր Է Անաւարզեցին Հայոց կաթողիկոսական ընդհանրական աթոռը տեղափոխած է Սիս եւ կաթողիկոսանիստ դարձուցած քաղաքի հիւսիսային ծայրամասը գտնուող նախկին եպիսկոպոսանիստ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եռախորան եկեղեցին: Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան անկումէն (1375) ետք 1441-ին, Էջմիածինի ազգային եկեղեցական ժողովի որոշմամբ, Կիլիկիոյ մէջ մեկուսացած եւ հայ ժողովուրդին համար քաղաքական ու հոգեւոր կրօնական երբեմնի կեդրոնի նշանակութիւնը կորսնուցած, տնտեսապէս քայքայուած Մայր աթոռը Սիսէն տեղափոխուած է բուն Հայաստան եւ վերահաստատուած իր նախնական վայրին` Վաղարշապատի մէջ: