Չեմ մեղադրեր թուրք ժողովուրդը` իրենց ղեկավարներու գործած մեղքերուն համար.Արաբական մամուլ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Turkey_Erdogan_pkk.jpg)
Արաբական «Էլ Ռայի» կայքին մէջ, ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»ը, Խալըտ Էլ Նաճար անդրադարձած է թրքական ջարդերուն՝ յայտնելով, որ Էրտողանի համար անծանօթ երեւոյթ մը չէ այն ահաբեկչութիւնը, զոր կ’իրականացնէ արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ, սպանութիւնը արմատացած է անոնց մէջ, անոնց արեան մէջ է, զայն ժառանգած են իրենց նախնիներէն, որոնք հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրագործած են պատմութեան մէջ ամենամեծ կոտորածը։ Հայերը, որոնք կառուցած են ամենամեծ քաղաքակրթութիւնը, հայ ժողովուրդի վարպետ արհեստաւորները կառուցած են ամենաշքեղ շէնքերը, կերտած են մեծ մշակոյթ, զոր Էրտողանի պապերը կը հերքեն, եւ անոնց դէմ կազմակերպած են զանգուածային ջարդեր:
Պատմութիւնը լաւագոյն վկայութիւնն է, օսմանեան կայսրութեան կողմէ, առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ ընթացքին հայ ժողովուրդի դիտաւորեալ սպանութեան: Իրականացուած են ջարդ, բռնագաղթ, խոշտանգումներ առանց հաշուի առնելու նուազագոյն մարդկային իրաւունքները:
Ապտուլ Համիտ բ-ի օրով սկսան առաջին ջարդերը, արտաքսուեցան Անատոլիոյ հայ ընտանիքները, ետին ձգելով իրենց կալուածներն ու ունեցուածքը, հալածուելով սպաննուած են տղամարդիկ եւ բռնաբարուած կանայք: Եթէ թուրքերը այսօր չեն խոստովանիր իրենց յանցագործութիւնը, որ պղծածէ պատմութեան էջերը, պէտք է լրատուամիջոցները, Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան 100-տարելիցին Էրտողանի դէմ դիրքորոշում ունենան: Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանը Արմէն Մելքոնեան եւ եգիպտական համայնքի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեան ջանքեր կը գործադրեն զոհերու իրաւունքները պաշտպանելու:
Չեմ մեղադրեր թուրք ժողովուրդը` իրենց ղեկավարներու գործած մեղքերուն համար, ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ենթակայ չեն իշխանութիւններու յանցագործութիւններուն, բայց անոնք պէտք է ներողութիւն խնդրեն հայերէն, եւ ես կը կարծեմ ներողութիւնը բաւարար չէ Էրտողանի պապերու կատարած մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւնները ներելու համար: