ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հեռաժողով Ղազախստանի Հայկական Երիտասարդական Հիմնադրամի Մասնակցութեամբ

Փետրուար 23–ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռաժողով Ալմաթիի հայկական համայնքի երի­տասարդական թեւի` Ղազախստանի հայկական երի­տա­սարդական հիմնադրամին հետ:

Հեռաժողովին մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Դիմելով երիտասարդներուն` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ երիտասարդական կազմակերպութիւն էք ստեղծել: Կարեւոր եմ համարում երիտասարդութեան ակտիւութիւնը, որովհետեւ համայնքների գոյատեւման, զարգացման հիմքը, յենարանը երիտասարդութիւնն է, որին պէտք է փոխանցենք մեր լեզուն, մեր աւանդոյթները: Սիրելի՛ երիտասարդներ, դուք պէտք է նախ ձեր բնակութեան երկրի օրինապաշտ քաղաքացիները լինէք,  բայց եւ շարունակէք հայ մնալ: Պէտք է հպարտ լինէք, որ հայ էք, մի ազգի ներկայացուցիչ, որ հազարամեակների պատմութիւն ունի, հարուստ մշակոյթ, որին կը նախանձեն շատերը, ազգ, որը 1700 տարի առաջ ընդունել է քրիստոնէութիւնը: Հայ մեծերի օրինակը ձեզ համար ուղենիշ պէտք է դառնայ:

 Գիտեմ, որ լաւ կիրակնօրեայ դպրոցներ ունէք, որտեղ հայերէն էք սովորում: Ամէն օր իրար հետ հայերէ՛ն խօսէք: Մեր նախագահը կոչ է արել. «Տանը խօսենք հայերէն»: Իսկ տուն նշանակում է եկեղեցի, դպրոց, մշակութային կենտրոն: Կոչ եմ անում շարժում սկսել` «Ամէն հայ պէտք է տեսնի Հայաստանը» նշանաբանով: Հայ մնալու համար շատ կարեւոր է ոգեւորուել Հայրենիքով: Շատ կ’ուզէի, որ հայկական աշխարհի հետ համահունչ քայլէք, հայութեան հետ տօնէք մեր բոլոր կարեւոր տօները: Կ’ուզենայի, որ միասին հաւաքուէք ու կարդաք Համահայկական հռչակագիրը, որը շատ կարեւոր քաղաքական, իրաւական փաստաթուղթ է: Պէտք իմանաք հայ ժողովրդի միասնական պահանջը, դրա իրաւական հիմքերը: Կ’ուզենայի, որ կարդաք ու իւրաքանչիւր տողում զգաք, որ դա ամէն հայի համար է, եւ մեր կարգախօսն է. «Յիշում եմ եւ պահանջում»: Պէտք է յիշենք եւ պահանջենք»:

  Ներկաներուն ողջունեց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեան:

  Ալմաթիէն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ տեսաժողվի մասնակիցներուն ներկայացուց  Ղազախստանի հայկական երի­տա­սարդական հիմնադրամի նախագահ Արմէն Աթանէսեան: Ան խօսեցաւ կազմակերպութեան խնդիրներուն, դժուարութիւններուն, ծրագիրներուն մասին: Կազմակերպութեան ղեկավարը խօսեցաւ օդային կապի դժուարութիւններուն մասին, նշուեցաւ որ ինքնաթիռներու ուղիղ չուերթներու հնարաւորութեան պարագային կը կարենան աւելի աշխոյժ մասնակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն, մասնաւորապէս, Երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներուն: Խնդրեցին նաեւ իրենց ուղարկել Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն վերաբերեալ նիւթեր, տեսասկաւառակներ, խորհրդանիշ-անմոռուկներ:

 ՀՀ սփիւռքի նախախարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Ս.Համբարեան ներկայացուց գերատեսչութեան 2015թ. ծրագիրները` խրախուսելով ատոնց մէջ Ղազախ­ստա­նի հայ համայնքի առաւել մեծ թիւով ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը: Քննուեցան կրթական ծրագիրներու իրականացման հարցին մէջ առկայ  ծրագիրներն ու  լուծման ուղիները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 2015-ին` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, առաւել սերտացնելու կապը եւ համագործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:

 Հեռաժողովի մասնակիցները ներկայացուցին Ալմաթիի հայկական համայնքի երիտասարդական թեւի խնդիրներն ու ընելիքները: Նախանշուեցան  հետա­գայ համագործակցութեան հարցերը:

konf

 

Scroll Up