Հայկական տուտուկի տխուր «բառերը»

 Մուհամմետ Էմին Ալմասրին կը գրէ հետեւեալը.

Ապրիլին Հայաստանը կը պատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որ կատարուեցաւ օսմանցիներուն կողմէ եւ որուն զոհ գացին մօտ մէկ ու կէս միլիոն հայեր:

Հայ ժողովուրդը այդ արհաւիրքէն յետոյ հետեւողականօրէն պահպանեց այդ ցաւալի դէպքերուն բոլոր մանրամասնութիւնները, որ Թուրքիան ջանաց ժխտել զանոնք եւ փախուստ տալ բոլոր պատասխանատուութիւններէն, որուն հետեւանքվ կատարուեցան նոր ցեղասպանութիւններ աշխարհի մէջ:

Հարիւրամեակի թուականը մօտենալով Երեւանը ու համայն հայ ժողովուրդը կը ջանան աշխարհի պետութիւններէն ձեռք բերել մեծ թիւով ճանաչումներ;

Տակաւին հայ ժողովուրդը ամենուր մեծ վիշտով կը յիշէ իր զոհերը. Նոյնիսկ անոնց երաժշտական ամենահռչակաւոր գործիքը` Տուտուկը, որ շատ նման է մեր եգիպտական “Նայ”ին, տխուր եղանակ կը հնչեցնէ արթնցնելով սուգի զգացում լսողին մօտ:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղականայ եգիպտական «Ալ-Ահրամ» թերթէն

Scroll Up