Պըսթան Գլափի Շրջանը Հրթիռակոոծման Թիրախ դարձաւ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Նախապէս ալ հաղորթաած էինք, որ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած էր:

Արդարեւ, այսօր ալ 21 փետրուար 2015-ին, շարունակուեցաւ հրթիռածոծումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ: Թէեւ քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս թիլել շրջանի մուտքը (Պապ էլ-Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Գըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածքը» դարձաւ հրթիռակոծման պայթումի թատերաբեմը: Պայթումի հետեւանքով զորուեցան 1970-ի ծնունդ Սագօ Գարակիւլլէեանն ու 1981-ի ծնունդ Յարութ Ագսանեանը, իսկ վիրաւորներու կարգին կան նաեւ հայեր՝ Լեւոն Բարսեղեանը, Նազօ Ագսանեանը, Յովսէփ Չալօղլեանը, Աւօ Զարմինեանը եւ Ժագ Ասլանեանը:

Պէտք է ըսել, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն եւ խանութներուն։
Յայտնենք, որ Պըսթան Գըլափի շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու:

Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

dgg

Scroll Up