Բախումներ Գամիշլիի Մէջ. Հրատապ

Յունուար 11-ի գիշերը բախումներ տեղի ունեցած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը գտնուող Գամիշլի բնակավայրի քրիստոնէաբնակ թաղամասին մէջ, ուր կ’ապրին մեծ թիւով հայեր եւ կը գտնուի հայկական վարժարանը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Գամիշլիի մեր աղբիւրները:

Քրտական Ասաեշ խմբաւորման եւ իշխանութեան հովանիի տակ գործող քրիստոնէական Սոտորօ կամաւորական ջոկատին միջեւ բախումները շարունակուած են մինչեւ առաւօտ: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն զոհուած է մէկ քրիստոնեայ երիտասարդ` Կապի Հենրի Տաուտը, վիրաւորուած` Կապի Ճորճ Պարսոն:

Այժմ բախումները դադրած են, քաղաքը վերադարձած է իր բնականոն կեանքին, երեխաները դպրոց գացած են, ուր արդէն սկսած է նաեւ քննութիւններու շրջանը:

Scroll Up